Սուրիական իշխանութիւնները սկսան հետաքննել Թուրքիոյ սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած պատահարը: Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ համապատասխան ծառայութիւններ հետաքննութիւն բացած են պարզելու, Թուրքիոյ ուղղութեամբ արձակուած ռումբերուն վայրը եւ պատճառը: Նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհուածներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ թուրք ժողովուրդին: Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Սուրիա կը յարգէ դրացի պետութիւններուն գերիշխանութիւնը:
Ամերիկեան «Հերիթէյճ» հիմնադրամի փորձագէտ Արիէլ Գոհէն դիտել տուաւ, թէ Սուրիա կռուադաշտի մը վերածուած է սիւննի եւ շիի արմատականներու միջեւ, իսկ խաղաղ մարդիկ կը դառնան այդ հակաարտութեան զոհը: Անոր կարծիքով, Սուրիոյ մէջ շարունակուող արիւնահեղութիւնը պիտի յանգեցնէ աւելի արմատական վարչակարգի մը յայտնութեան:
Ազերիական լրատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին Ահմէտ Տաւուտօղլուի հետ եւ քննարկած է թուրք-սուրիական սահմանային վերջին միջադէպերը: Նշենք, թէ Տաւուտօղլու նաեւ հեռախօսազրոյց ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Հիլարի Գլինթընի, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Փաքիստանի իր պաշտօնակիցներուն հետ:
Լոնտոն լոյս տեսնող «Ալ Հայեաթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Ամր Քամէլ կը նշէ, թէ Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա եւ Իրան համաձայնութեան եկած են, թէ անհրաժեշտ է «որոշակիօրէն» փոխել Սուրիոյ վարչակարգը: Ան կ’աւելցնէ, թէ տարաձայնութիւնները կը կայանան փոփոխութիւնները իրականացնելու պայմաններուն շուրջ: