Գինշասայի մէջ Հոկտեմբեր 11-14 պիտի կայանայ Ֆրանքոֆոն երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովը եւ գագաթաժողովը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը:
Համաժողովին եւ գագաթաժողովին մասնակցելու նպատակով` ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան կ’այցելէ Գոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն: