Ղազախստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ալմա Աթայի մերձակայքը գտնուող «Իլիյսգսի» զօրավարժարանին մէջ Հոկտեմբեր 17-ին աւարտած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան «Անխախտ եղբայրութիւն-2012» պայմանական անուանումով առաջին համատեղ խաղաղապահ զօրավարժութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Զօրավարժութիւն թեման եղած է Հաւաքական անվտանգութեան տարածաշրջանին մէջ ՀԱՊԿ Հաւաքական խաղաղապահ զօրքերուն կողմէ խաղաղութեան պահպանման գործողութիւններու նախապատրաստումն ու վարումը: Անիկա իրականացած է ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան համակարգի ուժերու եւ միջոցներու կառավարման մարմիններու եւ կազմաւորումներու գործնական ու մարտական պատրաստութեան 2012-ի համատեղ ձեռնարկներու ծրագրին համապատասխան:
Զօրավարժութեան ընթացքին մշակուած եւ իրագործուած են հակամարտող կողմերու բաժանման, զինադադարի պայմաններու պահպանման վերահսկողութեան համատեղ քայլեր:
ՀԱՊԿ ծիրէն ներս առաջին անգամ իրականացած խաղաղարար «Անխախտ եղբայրութիւն-2012» զօրավարժութեան ժամանակ` հայկական խաղաղապահները ՄԱԿ-ի հովանիին տակ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարած բազմազգ խաղաղարար առաքելութիւններուն ժամանակ ձեռք բերած իրենց բացառիկ փորձն ու հմտութիւնը փոխանցած են ՀԱՊԿ գործընկերներուն: Ինչպէս նշած է ՀԱՊԿ ղեկավարութիւնը` հայկական ստորաբաժանումը ինքզինք դրսեւորած է շատ գրագէտ եւ պատրաստուած: Յառաջադրուած բոլոր խնդիրները կատարուած են շատ բարձր մակարդակով:
Ընդհանուր առմամբ, զօրավարժութեան մասնակցած է մօտ 950 մարդ, մինչեւ 70 միաւոր ինքնաշարժներու եւ 35 միաւոր զրահահրասայլային սարք, չորս «մի-17» օդանաւ: ՀՀ զինուած ուժերէ զօրավարժութեան կը մասնակցի 30 հոգիէ բաղկացած խաղաղապահ ստորաբաժանումը: