ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած երկօրեայ գիտաժողովին, որ պիտի կայանայ Շաբաթ եւ Կիրակի, Մայիս 5-6ին, ներկաները առիթը պիտի ունենան ունկնդրելու դոկտորներ Ռուբէն Սաֆրաստեանի, Խաչիկ Մուրատեանի եւ Արա Սանճեանի ուսումնասիրութիւնները:
Նշենք, որ գիտաժողովը կ՛իրականանայ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն (CSUN) ներս գործող Հայագիտական բաժինին հետ համագործակցաբար:
«Հայկական պետականութեան վերականգնում՝ իրագործումներ եւ անդրադարձներ» բնաբանով սոյն խորհրդաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ քննարկելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ունեցած յատկանշական դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, մասնակցութեամբ աշխարհի տարածքէն 15 պատմաբաններու եւ մասնագէտներու:
Դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեան Հայաստանի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնն է ու Հայաստանի Մանկավարժական Պետական համալսարանի Համաշխարհային պատմութեան վարիչը։ Ան մասնագիտացած է յատկապէս Միջին Արեւելքի պատմութեան եւ ցեղասպանագիտութեան մէջ ու հիմնադիր խմբագիրն է թրքագիտութեան, օսմանագիտութեան եւ Եւրասիոյ նուիրուած պարբերաթերթերու, ինչպէս նաեւ մաս կը կազմէ նման պարբերաթերթերու խմբագրական կազմերուն։
Սաֆրաստեան պիտի խօսի 1918-1920ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիմագրաւած աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներուն մասին՝ քննարկելով աշխարհաքաղաքական այն բարդ իրավիճակը, որուն մէջէն ծնունդ առաւ եւ աւելի քան երկու տարի կրցաւ գոյատեւել այդ հանրապետութիւնը, հակառակ իրեն պարտադրուած ճնշումներուն եւ իր մեկուսացման։
Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ Միջին Արեւելքի, Հարաւային Ասիոյ եւ Ափրիկեան ուսմանց դասախօս է։ Ան հեղինակած է ցեղասպանութեանց, զանգուածային բռնարարքներու եւ անզէն դիմադրութեան մասին շարք մը յօդուածներ, եւ համախմբագիրն է Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանին նուիրուած հատորի մը։ Ան նաեւ խմբագրած է «Արմինիըն Ռիվիու» հայագիտական պարբերաթերթը եւ կը դասախօսէ նաեւ Նիւ Ճըրզիի «Սթաքթըն» համալսարանին մէջ։ Մասնագիտացած է «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան ուսմանց կեդրոնին մէջ, եւ տագնապներու լուծման առնչուող շրջանաւարտից վկայագիր ունի Մեսեչուսեցի համալսարանի Պոսթընի մասնաճիւղէն։
Մուրատեան պիտի խօսի պետական պաշտօնատար դարձած յեղափոխական Արամ Մանուկեանի կեանքին եւ անոր ձգած աւանդին մասին՝ կեդրոնանալով յատկապէս մօտաւորապէս երկու տասնամեակ երկարած անոր յեղափոխական գործունէութեան վրայ, որուն արգասիքն էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հաստատումը։ Այս ներկայացման պատրաստուելու համար, Մուրատեան օգտագործած է ՀՅԴի, Օսմանեան կայսրութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւները, ինչպէս նաեւ հրատարակուած եւ անտիպ յուշեր ու գրութիւններ։
Դոկտ. Արա Սանճեան Միշիկընի համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղին մէջ պատմութեան դասախօս է, ինչպէս նաեւ՝ այդ համալսարանէն ներս գործող Հայկական ուսումնասիրութեան կեդրոնի վարիչը։ Ան մասնագիտակացած է Լոնտոնի համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան ուսմանց բաժանմունքին մէջ, իսկ նախապէս եղած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական ուսմանց, պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքի վարիչը։ Անոր ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են յատկապէս Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաջորդող ժամանակաշրջանի՝ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Ասիոյ արաբական երկիրներու պատմութեան վրայ։ Հեղինակն է «Թուրքիա Եւ Իր Արաբ Դրացիները, 1953-1958. Պաղտատի Դաշնագիրի Արմատներուն Եւ Ձախողութեան Ուսումնասիրութիւնը» աշխատասիրութեան եւ երկու այլ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու եւ պատմագիտական հատուածներու, հրատարակուած՝ անգլերէնով, հայերէնով, ֆրանսերէնով եւ ռուսերէնով։
Սանճեան պիտի ներկայացնէ՝ «Հայկական Ժողովրդային կուսակցութիւնը. Հանրապետութեան ազատական ընդդիմութիւնը» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը։ Ան նախ պիտի ներկայացնէ նշեալ կուսակցութեան՝ 1917ի Մարտ-Ապրիլին տեղի ունեցած հիմնադրութեան եւ անոր գործունէութեան (մինչեւ 1912ի սկիզբ) հակիրճ պատմականը՝ անդրադառնալով կուսակցութեան ծրագիրին ու գաղափարաբանութեան եղափոխութան, ինչպէս նաեւ պիտի խօսի կուսակցութեան գլխաւոր անդամներուն ճակատագիրին մասին՝ Անդրկովկասի համայնավարներու միակուսակցական իշխանութեան տակ իյնալէ ետք։
Նշենք, որ խորհրդաժողովին հովանաւորութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկին Հէրի եւ Շերըլ Նաճարեանները: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Նորթրիճի համալսարանի «Plaza Del Sol» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 18111 Nordhoff St., Northridge, CA 91330:
Գիտաժողովին մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել the1strepublic.org կայքը: