ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ռուսիոյ քաղաքացիները հետզհետէ առաւել յաճախ սկսած են նախապատուութիւն տալու իրենց արձակուրդը Հայաստանի մէջ անցընելու:
Զբօսաշրջիկներու համար շրջապտոյտներ կազմակերպող ռուսական ընկերակցութիւնը վերլուծած է Yandex-ի տուեալները՝ Մարտ 2018-ին, ռուսերու զբօսաշրջութեան տարբեր ուղղութիւններու վերաբերեալ որոնողական հարցումներու քանակի շարժումը:
Ըստ եզրակացութեան, ռուս զբօսաշրջիկները առաւել նուազ թիւերով արձակուրդի կը մեկնին եուրոյի եւ Շենկենի գօտի: Փոխարէնը, 209,5 տոկոսով աճած է հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ: