Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Պելճիքա՝ մասնակցելու 22-23 Հոկտեմբերին կայացողշ Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ առաքելութիւններուն մասնակցող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հերթական նիստերուն:
Պրիւքսէլի մէջ, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունենալիք ժողովներուն զուգահեռ նախատեսուած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը կողմնակի հանդիպումներ ունենայ գործընկեր երկիրներու պաշտօնակիցներու եւ ՆԱԹՕի ռազմական ղեկավարութեան հետ: