Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերալ հարցեր:
Միւս կողմէ, Լեռային Ղարաբաղի հանրապետութեան հետ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը 25 Հոկտեմբերին, դիտարկում կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծերուն մօտակայ Մարտակերտի շրջանին մէջ: