Լիբանանեան բանակի միաւորներ երէկ կէսօրուան ժամը 12-ին սկսան տարածուիլ Պապ Թըպենէի, Ճեպէլ Մըսէնի եւ Սուրիա պողոտային մէջ: Պապ Թըպենէի բնակիչները փորձեցին արգիլել բանակին մուտքը՝ Սուրիա պողոտայ: Կրակոցներու հետեւանքով, երեք բանակայիններ վիրաւորուեցան : Անոնցմէ մէկը բաւական վտանգաւոր վիճակի մէջ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Աւելի ուշ, բանակային մը եւս վիրաւորուեցաւ Պապ Թըպենէյէն արձակուած փամփուշտներու հետեւանքով : Ապու Ալի շրջադարձին վրայ գտնուող բանակի անցարգելի մը վրայ արձակուեցաւ « Էներկա» տիպի հրթիռ մը: Բանակը վերատեսութեան ենթարկեց ծրագիրին գործադրութիւնը:
Կառավարութեան մօտ զինուորական ատեանի գլխաւոր դատախազ Սաքր Սաքր սկսաւ Թրիփոլիի դէպքերուն առիթով ձերբակալեալներու հետ հետաքննութիւններուն:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպէլ յայտարարեց, թէ բանակը ձեռնարկեց Թրիփոլիիի ապահովական ծրագիրին գործադրութեան: Նախարարը աւելցուց, թէ բանակը համալրուած է նոր սպառազինութեամբ եւ բազմապատկած է Թրիփոլիի մէջ խուզարկութեան կէտերը: Շարպէլ ընդգծեց, թէ ապահովական ծրագիրին արդիւնքները պիտի բացայայտուին յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պահանջեց անմիջապէս դադրեցնել Թրիփոլիի բախումները, դիտել տալով, որ որեւէ կողմի ձեռնտու պիտի չըլլայ անոր շարունակութիւնը: