Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քննադատեց զինեալ կազմակերպութիւններու կողմէ «Ժընեւ -2» խորհրդաժողովին մասնակիցներուն յղուող սպառնալիքները: Լաւրով ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը պետութիւններ տակաւին կը շարունակեն խանգարել Սուրիոյ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհներով լուծելու փորձերը:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Երկուշաբթի առաւօտեան ժամանեց Պէյրութի միջազգային օդակայանը եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական պատուիրակ Տերէք Փլամլիի հետ: Իպրահիմի, ցամաքային ճանապարհով մեկնեցաւ Դամասկոս: Իպրահիմիի այցելութիւնը Դամասկոս, առաջինն էր ՝ անցնող Դեկտեմբերէն ի վեր: Իպրահիմի, երէկ պիտի տեսակցութիւն մը պիտի ունենար Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուլիտ Մոալէմի հետ, սակայն վերջին պահուն յայտարարուեցաւ, թէ հանդիպումը յետագուած էր այսրուան:
Ռազմական գետնի վրայ, բանակը յաջողեցաւ իր աքցանին տակ վերցնել Հոմս քաղաքի արեւելեան շրջաններուն մէջ զինեալներուն գրաւած դիրքերը: Քրտական՝ Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ուժերու զինեալները կը շարունակեն Իրաքի սահմանամերձ գօտիները ազատագրել Ալ Քայիտայի ահաբեկիչներէն: Ներկայի դրութեամբ, անոնք ազատագրած են եօթ գիւղ եւ երեք գիւղաքաղաք: Ծայրայեղականները՝ « Հաուն» տիպի հրթիռներ արձակեցին Դամասկոսի մօտակայ Ճարմանա գիւղին ուղղութեամբ: Բանակը յաջողեցաւ իր հակակշիռին տակ վերցնել Հոմս քաղաքի մօտակայ քրիստոնէական Սատատ գիւղաքաղաքը:
Սուրիոյ հանրապետութեան միւֆթի Ահմէտ Պատրէտտին Հասուն յայտարարեց, թէ Սուրիոյ կառավարութեան ուժերուն դէմ կը կռուին 83 երկիրներէ, աւելի քան 100 հազար վարձկաններ: