Վիեննայի մէջ սկսաւ Իրանցի մասնագէտներու եւ Վեցեակի հերթական հանդիպումը: Երկօրեայ բանակցութիւնները պիտի աւարտին Հինգշաբթի երեկոյեան: Մասնագէտներու մասնակցութեամբ երկօրեայ հանդիպումները հող պիտի պատրաստեն Ժընեւի մէջ 7-8 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Իրան – Վեցեակ հանդիպումին:
Իրանի եւ Աթոմական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան միջեւ բանակցութիւններու վերջին հանգրուանը պսակուեցաւ յառաջընթացով: Իրան խոստացաւ դիւրացնել քննիչներու ազատ մուտքը իր միջուկային կեդրոններէն ներս: Գործակալութեան նոր տնօրէն Թերօ Վարժորենթօ յայտարարեց, թէ բանակցութիւններու ընթացքը դրական է: Ան յայտնեց,թէ բանակցութիւններու յաջորդ հանգրուանի տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերին, Թեհրանի մէջ:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի նոյնպէս դրական գնահատական տուաւ միջուկային ծրագիրներուն շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին: