Լիբանան անհամբեր կը սպասէ Ռիատ – Պէյրութ գերաստիճանին արդիւնքին: Սկզբունքով, նախագահ Միշէլ Սըլէյման Երկուշաբթի պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա: Նախագահին այցելութիւնը կը զուգադիպի Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի կարեւոր մէկ հանգրուանին: Լիբանան եւ շրջանային պետութիւններ կը հետեւին Ռիատի մէջ նախագահ Սըլէյմանի ունենալիք հանդիպումներուն արդիւնքնին: Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Պըն Ապտէլ Ազիզ վեհապետին հետ նախագահ Սըլէյմանի խօսակցութիւնը պիտի ընդգրկէ շրջանային եւ տեղական հարցեր, սկսելով Իրանի միջուկային ծրագիրէն հասնելով Սուրիոյ հակամարտութեան … լիբանանեան կառավարութեան կազմութիւնը:
Նախագահ Սըլէյման իր հանդիպումներուն ընթացքին, պիտի կեդրոնանայ չորս հիմնական թղթածրարներու շուրջ. կառավարութեան կազմութիւնը, Հըզպալլան, նախագահական ընտրութիւնները եւ Սուրիոյ հակամարտութիւնը: Նախագահը իր հետ պիտի չունենայ ընկերակցող նախարարներ, միայն՝ խորհրդականներ: Նշենք, թէ նախագահ Սըլէյման պիտի ունենայ երկու անջատ գերաստիճաններ. Առաջինը՝ Ապտալլա Պըն Ապտէլ Ազիզ վեհապետին, երկրորդը՝ արտաքին գործոց նախարար, իշխան Սէուտ Ֆայսալի հետ: Նախագահ Սըլէյման նաեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման, Պաապտայի պալատին մէջ գլխաւորեց ապահովական նիստի մը, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպէլի, ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Թրիփոլիի ապահովական իրավիճակը: Նախագահ Միշէլ Սըլէյման նաեւ պատուեց գրող Ամին Մաալուֆը: