Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեւիտէոյի մէջ անհամբերութեամբ կը սպասեն «ԳՈՀԱՐ» անսամպլի յառաջիկայ համերգներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը` վկայակոչելով Ուրուկուէյի «Արաքս» ռատիոկայանի ղեկավար Տիեկօ Գարամանուկեանը։
Անսամպլը հանդէս պիտի գայ երկու համերգով Հոկտեմբեր 23-ին եւ 24-ին` ներկայանալով տարբեր երգացանկերով: Պիտի հնչեն բոլոր ժամանակներու հայկական սիրուած երգերը:
Անսամպլի կազմին մէջ հանդէս պիտի գայ աւելի քան 170 արուեստագէտ` երգչախումբը, սիմֆոնիկ նուագախումբը, հայկական աւանդական գործիքներ կատարողները, 12 մենակատարներ եւ 15 պարողներ:
Մոնթեւիտէոյի մէջ կայանալիք համերգները հանրահռչակ «ԳՈՀԱՐ» անսամպլի` Հարաւային Ամերիկայի շրջագայութեան ինը համերգներու շարքին են: