ՔԱՐԱՔԱՍ, «Ռոյթըրզ».- Վենեզուելլայի կառավարութեան ընդդիմադիր խորհրդարանի նախագահ Խուան Կուայտօ 23 Յունուարին ինքզինք հռչակեց երկրի փոխանցման նախագահ, լուրջ իրարանցում մը ստեղծելով:
Տասնեակ հազարաւոր վենեզուելլացիներ, ընդառաջելով Կուայտոյի կոչին փողոց դուրս եկան՝ բողոքելու նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան գործունէութիւնը անդամալուծուած պահող նախագահ Տօնալտ Թրամփ Կուայտօն ճանչցաւ՝ իբրեւ Վենեզուելլայի փոխանցման նախագահ՝ պնդելով, որ Մատուրոյի ղեկավարութիւնը «ապօրինի» է։
Դատապարտելով երկրին ներքին հարցերուն միջամտելու Թրամփի քայլը՝ Մատուրօ խզեց Ուաշինկթընի հետ դիւանագիտական կապերը եւ ամերիկացի դիւանագէտներուն 72 ժամուան պայմանաժամ տուաւ հեռանալու երկրէն:
Մոսկուա եւս դատապարտեց Ուաշինկթընի միջամտութիւնը՝ զայն որակելով իշխանութիւնը Մատուրոյի ձեռքէն խլելու համազօր քայլ մը, որ խոտոր կը համեմատի միջազգային տարրական սկզբունքներուն եւ կրնայ արիւնահեղութեան առաջնորդել։