ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը 28 Մարտին գումարած իր նիստին քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած ապահովութեան իրավիճակը՝ զայն գնահատելով խիստ լարուած:
Ըստ խորհուրդին՝ իրադրութեան վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, փորձելով գտնել մտացածին հիմնաւորումներ՝ հող կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ նոր սադրանքներու եւ յարձակումի սկսելու համար, որոնց կարգին՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեղադրելով խաղաղութեան պայմանագիրի հարցին մէջ ապակառուցողական գործողութիւններու յանցանքով:
«Անվտանգութեան խորհուրդը ստեղծուած իրավիճակում հարկ է համարում եւս մէկ անգամ վերահաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի վաղ հնչեցրած դիրքորոշումը եւ Ադրբեջանական Հանրապետութեանն առաջարկում է անյապաղ բանակցութիւններ սկսել համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ: Անվտանգութեան խորհուրդը, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լեռնային Ղարաբաղում եւ Հայաստան-Ադրբեջան սահմանին ռազմական բախումների հնարաւորութեան վրայ, անհրաժեշտ է համարում միջազգային զսպման մեխանիզմների գործարկումը՝ տարածաշրջանում նոր ռազմական լարուածութիւն եւ ցեղային զտում թոյլ չտալու համար», կը նշուի Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութեան մէջ: