ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ Պաքուի մէջ, 13 Յունուար 1990-ին հայերու դէմ նպատակաուղղուած ճնշումներու վերաճման հետեւանք հանդիսացող կազմակերպուած կոտորածներուն 30րդ տարելիցին առիթով:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ վանկարկելով «Փա՛ռք Սումկայիթի հերոսներուն», «Կեցցէ՛ Պաքուն՝ առանց հայերու» կարգախօսեր, բազմահազար հաշուող ամբոխը, Ատրպէյճանի ազգային ճակատի (ԱԱՃ) գործիչներուն ղեկավարութեամբ, խումբերու բաժնուեցաւ եւ սկսաւ հետեւողական կերպով տուն առ տուն քաղաքը «զտել» հայերէ, դաժանաբար սպաննել զանոնք, իսկ մահէն խուսափիլ կրցած անձերը ենթարկուեցան տեղահանութեան՝ դէպի Հայաստան եւ Ռուսիա:
Ամբողջ շաբաթ մը տեւած ջարդերէն ետք, 18 Յունուարին, Պաքուի մէջ հայկական ջարդերու, ինչպէս նաեւ Շահումեանի շրջանի հայկական գիւղերու, եւ Գետաշէնի վրայ յարձակումներուն գծով Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց «Հայաստանի մէջ իրավիճակի մասին» բանաձեւը՝ կոչ ուղղելով Խորհրդային Միութեան իշխանութիւններուն ապահովելու Ատրպէյճանի մէջ ապրող հայերու պաշտպանութիւնը՝ իրավիճակին միջամտելու համար զօրք մտցնելու միջոցով: 20 Յունուարի գիշերը Պաքու մտան Խորհրդային բանակի ստորաբաժանումները, որոնք, յաղթահարելով ԱԱՃի զինուած ջոկատներու կատաղի դիմադրութիւնը, վերջ տուին ջարդերուն, որոնց ընթացքին սպաննուեցան 150-300 անձեր:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր յայտարարութեամբ դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ցեղասպան գործողութիւններուն շարունակական ժխտումը եւ զանոնք կատարողներուն հերոսացումը, ինչ որ դարձած է Պաքուի՝ այլատեացութեան եւ հայատեացութեան քարոզչութեան քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մաս:
«Այսօր հայերի նկատմամբ ատելութեան արմատաւորումը եւ այդ հիմքով յանցագործութիւնների խրախուսումը Ադրբեջանում բարձրացուել են պետական քաղաքականութեան մակարդակի եւ ներթափանցել այդ երկրի հանրային կեանքի բոլոր ոլորտները՝ զգալի փոփոխութիւններ առաջացնելով ադրբեջանական հասարակութեան գիտակցութեան մէջ: Ադրբեջանում հայերի հանդէպ ատելութեան խնդիրը հասել է այնպիսի ծաւալների, որ դարձել է տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքների հիմնական աղբիւրներից մէկը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը կու տայ, որ այդ բացասական գործընթացները յաղթահարելու եւ Ատրպէյճանի մէջ այլատեացութեան առաւել վատթարացում թոյլ չտալու համար անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ միջոցներու ձեռնարկել՝ ատրպէյճանական հանրութիւնը ազատելու իշխանութիւններուն կողմէ արմատաւորուող մարդատեաց մօտեցումներէն եւ կողմնորոշիչներէն:
«Հայերի հանդէպ ատելութեան բազմամեայ քարոզչութեան պատճառով երեւան եկած բացասական երեւոյթներն արամատախիլ անելու գործընթացում կարեւոր քայլ կարող է դառնալ ադրբեջանական իշխանութիւնների կողմից պատասխանատուութեան ստանձնումը՝ հայկական բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած զանգուածային յանցագործութիւնների, այդ թւում՝ Բաքուի ջարդերի համար: Դա ոչ միայն թոյլ կը տայ առողջացնել իրավիճակն Ադրբեջանում, այլեւ հնարաւորութիւն կը տայ նախադրեալներ ստեղծել տարածաշրջանում ամուր խաղաղութեան հաստատման համար», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը։