(Յօրինուած Զապէլ Եսայեանի Շունչով)
Ես կը սիրեմ ազատութեան սուրբ ոգին
Երբ աղօթէ սնարին մէջ մանկիկի
Ու երկու ձեռք խանձարուրէն ազատի …
Ես կը սիրեմ ազատութեան այն ուղին
Որ կը տանի բարձունքներու գագաթին
Ուր արծիւներ կ՛ըլլան դրկից արեւին …
Ու կը սիրեմ ազատ դէմքը արեւին
Երբ դուրս կուգայ զինքը բանտող ամպերէն
Ու կը ժպտի բարեւ տալով կապոյտին …
Բայց կը սիրեմ գորշ ամպերն ալ երկինքին
Երբ մէկ սրտով միասնաբար կ՛անձրեւէն
Ու մայր հողին ազատ ծաղկունք կը ձօնեն …
Ես կը սիրեմ ազատ վազքը գետակին
Երբ ծաղրելով թումբ ու թումբեր ամբարտակ
Կ՛անցնի անցքէն յոխորտանքով մը հպարտ …
Ու կը սիրեմ ծիածանը հայրենի
Երբ ահաւոր ջրհեղեղէ վերջ անվախ
Կ՛ըլլայ դրօշ ազատութեան նշանակ …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան