ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԳԱՐԱՕՂԼԱՆԵԱՆ
Ճարտարապետ
Առաջին հանդիպումս Արա Արծրունիի արուեստին հետ եղած էր «ԿԱՄԱՐ» գրական պարբերաթերթին միջոցով, ուր կը տպուէին իր գրութիւնները, եւ որոնք հիացմունք յառաջացուցած էին մէջս: Ապա ծանօթանալով իր գրական ամբողջ վաստակին` յայտնաբերեցի հեղինակ մը, որուն միտքն ու խորաթափանցութիւնը համահունչ էին 20-րդ դարու միջազգային հեղինակաւոր մտաւորականներու նոր մտածողութեան:
Արա ԱրծրունիիՆ պրպտող միտքը` կեանքի իմաստը, իրականութիւնը, ճշմարտութիւնը հասկնալու, նոր ժամանակներու հեղինակներէն է, որ կ’ուզէ ցնցել իր գագաթնակէտին հասած նիւթապաշտ մեր հասարակութիւնը:
Արդէն, կանուխէն ծրագրաւորուած կաղապարումով, մատղաշ, ճկուն եւ ստեղծագործ միտքերը առաջնորդելով` կը ստեղծեն մեր ժամանակներու մարդ ռոպոթներ` ծառայացնելու մեծ կազմակերպութիւններու ծրագիրներուն…
Եւ այս բոլորը` այսպէս կոչուած ապագայ սերունդներ դաստիարակող եւ ուղղուածութիւն պարտադրող կրթական համակարգերը:
Արծրունին իր գրականութեան ընդմէջէն արտայայտած միտքերով կը ջանայ ընթերցողը սթափեցնել` դիմագրաւելու համար կեանքի նոր իրականութիւնները:
Արծրունիի բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ ընթերցողը կը հանդիպի նո՛յն ուղղութեան, նո՛յն պրպտումին, նո՛յն համատարած ցաւին, որոնք կը միտին որոնելու «կեանքի ճշմարտութիւնը»:
Մասնաւորապէս կ’ուզեմ առանձնացնել Արծրունիի վերջին հեղինակած հատորը` «ALLEGORIA»-ն, ուր հեղինակը հասած է միտքերու բիւրեղացումին, կարծես ամփոփում-եզրակացութիւն մը` նախապէս յօրինուած իր բոլոր ստեղծագործութիւններուն:
«ALLEGORIA»-ն, ուղղակի գլուխ գործոց մը, որ հարկ է նկատի առնուի բոլորին կողմէ, իւրաքանչիւրին մատչելիութեան սահմաններուն մէջ, հասկնալու համար մեր ժամանակներու բարդ կեանքի իրականութիւնը:
Արծրունիի գրականութիւնը կը մղէ մարդը` իր հոգիի պատուհանները լայն բանալու եւ զայն կ’առաջնորդէ նոր մտածողութեան զարթօնքին:
Անոր արուեստը պէտք է ընկալել հոգիի եւ ոչ թէ մտքի աչքերով, որովհետեւ, ինչպէս նախապէս յիշեցի, մեր ժամանակներու միտքը միշտ նախածրագրաւորուած է այլոց կողմէ: Իսկ գեղեցիկ արուեստը միշտ մերժած է կաշկանդումներն ու կապանքները եւ փնտռած` թռիչքի ազատութիւն…
Վերոյիշեալ միտքերը կ’արտայայտուին, ներկայացնելու նոր մտածելաշխարհ մը մեզի փոխանցող սփիւռքահայ ազատ մտածող մտաւորական Արա Արծրունին: