Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ-ՋՂԱՅԻՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐՈՒ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

September 22, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ-ՋՂԱՅԻՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐՈՒ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Նախաձեռնութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին, Երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, ծանօթանալու համար հոգեբանական բարդութիւններ ունեցող հայորդիներու վիճակին, որոնք առհասարակ աննկատ կը մնան մեր հաւաքականութեան համար ու պատահականօրէն յանձնուելով բուժարաններու հոգատարութեան եւ անոնց հանդէպ մեր հաւաքականութեան ունեցած պատասխանատուութեան խնդիրը կը մնայ  բոլորովին անորոշ։

Հաւաքի սկզբնաւորութեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն․ Ռաֆֆի Սիսլեան յայտնեց, որ այսօրուան տագնապալի պայմաններուն մէջ, ընկերային ծառայութիւնը դարձած է Առաջնորդարանի գործունէութեան հիմնական առանցնքներէն մէկը։ Պրն․ Սիսլեան ըսաւ, որ Առաջնորդարանը պատրաստ է նաեւ ստանձնելու հոգեբանական բարդութիւններ ունեցող հայրենակիցներուն հոգատարութեան խնդիրները հետապնդելու պատասխանատուութիւնը ու նաեւ անոնց ընտանիքներուն նեցուկ կանգնելու պարտականութիւնը, պայմանաւ որ համայնքէն ներս գործող ընկերային ծառայութեան բաժանմունքները մասնակից ըլլան ընդհանուր ճիգին:

Իր կարգին, Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին մօտ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկին Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ հոգեբանական բարդութիւններ ունեցող հայորդիներու վիճակով զբաղուելու աշխատանքը բարդ ու բազմերես  է եւ կ՛ընդգրկէ  կացութեան համաձայն մասնագիտական արժեւերում, բուժման տարբերակներու ճշդում, բուժարաններու եւ համապատասխան կեդրոններու մէջ ենթակաները տեղաւորելու խնդիր, վերոնշեալ հաստատութիւններուն հետ հետեւողական կապ պահելու եւ նիւթական յատկացումներ կատարելու անհրաժեշտութիւն ու ընտանեկան պարագաներուն հոգեբանական զօրակցութիւն մատուցելու կարիք, որոնք կ՛ենթադրեն հաւաքական կամք եւ մասնակցութիւն:

Ապա, մասնակիցները քննելով հոգեբանական բարդութիւններ ու խանգարումներ ունեցող ծանօթ հայորդիներուն վիճակուած կացութիւնը, համաձայն գտնուեցան, որ առաջին հանգրուանին, իւրաքանչիւր կառոյց տարեկան երեք միլիոն լիբանանեան ոսկի տրամադրելով մասնակցութիւն բերէ Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ տարուելիք աշխա-տանքին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին Առաջնորդարանի Ընկերային բաժանմունքի տրամադրութեան տակ դնելու այս աշխատանքին համար կառոյցներուն ունեցած  կարելիութիւնները։

Յայտնենք, որ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու, Երեսփոխանական Գրասենեակի, Լիբանանի Օգնութեան Խաչի, Գարակէօզեան Հաստատութեան, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի եւ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու պատասխանատուները։

Previous Post

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի   ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ ԵՒ  ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ   Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ ՊԱՅԹՈՒՄԷՆ ՏՈՒԺԱԾ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐԸ

Next Post

Հայկական Ձայն մը Արաբական Ծոցի Տարածաշրջանէն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.