ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Թէեւ խորհրդայինները ազգային արժէքները տեսականօրէն կը գնահատէին, սակայն, արուեստի պարագային, ստեղծագործութիւնը պէտք էր որ ըլլար ձեւով ազգային իսկ բովանդակութեամբ համամարդկային: Իրականութեան մէջ այս բնորոշումը չի ժխտեր ազգային արժէքներու գնահատումը, սակայն այն ատեն գոյութիւն ունէին մեկնաբանելու տարբեր չափորոշիչներ: Կային գրողներ կամ այլ տեսակի ստեղծագործողներ, որոնց տարբեր պատճառներով ու նպատակներով համեմատաբար աւելի «արտօնութիւններ» կը տրուէին ազգային հարցեր գնահատելու կամ արժեւորելու համար: Անոնք, որոնք չէին անսար «վերեւներու» թելադրանքներուն եւ կը մնային լուռ ու անտարբեր, կը մղուէին լուսանցքի վրայ կամ պարզապէս կը լքուէին: Իսկ անոնք, որոնք հակառակը կը գործէին եւ կ՛աշխատէին ի նպաստ ազգային արժէքներու գնահատման ու կը պաշտպանէին ազգային իրաւունքները, կը համարուէին պետութեան թշնամիներ եւ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կը հալածուէին: Այս պատճառով այն տարիներուն բազմաթիւ կերպարուեստագէտներ ոչ միայն չգնահատուեցան ըստ արժանւոյն, այլ երբեմն նոյնիսկ գրեթէ մոռացութեան մատնուեցան: Պէտք է ընդունինք սակայն, որ խորհրդային իշխանութեան վերջին ժամանակաշրջաններուն արժանաւոր տաղանդներէն շատեր սկսան գնահատուիլ ու վերականգնել իրենց հեղինակութիւնը, ինչպէս` Եր. Քոչար, Կալենց, Մինաս Աւետիսեան, Արթօ Չամաքճեան եւ այլն: Ուրիշներ, սակայն, մնացին շուքի մէջ, ինչպէս` Սեդրակ Ռաշմաճեան, Արտաշէս Յունանեան, Էդիկ Բերդեան եւ ուրիշներ: Այս վերջիններու շարքին կարելի է դասել նաեւ Հենրիկ Համբարձումեանը, որուն «ստեղծագործական «մեղքերը» մէկէ աւելի էին: Ան ոչ միայն «սոցիալիզմի» տեսլականը չէր կրնար որդեգրել, ոչ միայն Եղեռնի յիշատակները հանգիստ չէին տար իրեն, ոչ միայն կ՛ուսումնասիրէր ազգային-հոգեւոր մշակոյթի ակունքները, այլեւ հաւատացեալ էր: Այս առումով, յատկանշական են իր «Նարեկացի» եւ «Աղօթք» քանդակները: Առաջինը` «Նարեկացի»-ն իրագործուած է իրարու մէջ ագուցուած եռանկիւնաձեւ եւ սրածայր կերպերով, որոնք առաջին հայեացքով աւելի ճչացող ըմբոստի մը տպաւորութիւնը կը ձգեն, քան` ճենճերացող հաւատացեալի: Իրականութեան մէջ այդ «սրածայր» ճիչերը կը բխին ջինջ ու անապակ հաւատամքէ, կը միտին մաքրազտելու մարդու մեղքերն ու անասնական հակումները: Երկրորդը` «Աղօթք»-ը, որ դէմքէն աւելի` շեշտը դրուած է ձեռքերուն վրայ, որոնք կարծէք թէ մարդկային չարութիւնները հաւաքած, սեղմած են կուրծքին, բարութիւն ու ներողամտութիւն կ՛աղերսեն Ամենակալէն: Այս ի վերուստ օժտուած կերպարուեստագէտը, բացի նմանօրինակ ստեղծագործութիւններէ, քանդակազարդած է նաեւ շարք մը եկեղեցիներ, որոնք գրաւականն են իր հաւատքին ու հայրենասիրութեան` միաժամանակ:
Հայրենասիրական բնոյթի քանդակներէն առաւել բնորոշ են «Նախնիների կանչը»-ն ու «Փոքր Մհեր»-ը: Առաջինը «Այրուձի»-ի ընդհանրացուած կերպարն է, որուն հայոց պատմութեան եւ առհասարակ հայ մշակութային արժէքներու մէջ կենսական դեր վերապահուած է: Իսկ երկրորդը` Փոքր Մհերը ազգային գետնի վրայ «Յոյսը» կը խորհրդանշէ, որ դուրս պիտի գայ Ագռաւաքարէն ու պիտի փրկէ Հայաստան աշխարհը:
Հենրիկ Համբարձումեան գրեթէ նոյն յաջողութեամբ գեղանկարիչ է նաեւ: Իր գեղանկարները առաւելաբար դիմանկարներ ու անկենդան բնութիւններ են, որոնք իրենց երփներանգ արտայայտչականութեամբ կը կազմեն նկատառելի վտակ մը` հայրենի գեղանկարչական անդաստանէն ներս:
Եթէ գեղանկարներու պարագային այս կերպարուեստագէտը, ոճային առումով, ճշդած կը թուի ըլլալ իր ստեղծագործական ուղին, ապա իբրեւ քանդակագործ` ան այնպիսի բեղմնաւոր որոնումներու մէջ է, որոնք տարբեր արտայայտչաձեւերով ու տարբեր միջոցներով իրագործուած ըլլալով հանդերձ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր շօշափած թեմային եւ բովանդակութեան համապատասխան ունին իրենց ինքնատիպ լուծումներն ու համադրումները: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ անոր արուեստը բազմաբնոյթ է ու իբրեւ արտայայտչակերպ` կը սկսի իրապաշտութենէն ու կը հասնի մինչեւ վերացականութիւն:
Ի վերուստ օժտուած այս կերպարուեստագէտը սնանելով հայ ազգային մշակոյթի աւանդներէն` կերտած է մնայուն արժէք ներկայացնող այնպիսի արուեստի գործեր, որոնք արձագանգելով իրենց «նախնիներու կանչին» կը բացուին մեր ժամանակներու վրայ` իբրեւ «Տորք Անգեղ», «Փոքր Մհեր» եւ կամ «Նարեկացի»: Ան իր ստեղծագործական աշխատանքներուն զուգահեռաբար զբաղուած է նաեւ մանկավարժական եւ կազմակերպչական աշխատանքներով ու նպաստած` հայ խեցեղէն արուեստի զարգացման ու տարածման: Անոր ստեղծագործական կեանքի եւ կազմակերպչական աշխատանքներու մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար ստորեւ կու տանք «Հենրիկ Համբարձումեան» պատկերագիրքի յառաջաբանն ու հակիրճ կենսագրականը:
Քայլել Ժամանակի Հետ…
ՏԱԹԵՒԻԿ Հ.
Քայլել ժամանակի հետ, արտայայտել ազգային գաղափարներ, լինել համամարդկային… Իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր ստեղծագործութիւններում խտացուած կերպով ներկայացնում է սեփական աշխարհահայեացքը, զգացմունքներն ու ճաշակը: Այս ամէնի իրականացման հարցում կարեւոր է նաեւ ժամանակի ու միջավայրի դերը: Իր ստեղծագործական կեանքի զգալի մասը Հենրիկ Համբարձումեանն ապրել է Խորհրդային Հայաստանում: Մի ժամանակաշրջան, որն այնքան էլ չէր խրախուսում ինքնուրոյնութիւնն ու իւրատիպութիւնը, յատկապէս արուեստում:
Յիշողութեան մէջ դեռ ջարդի թարմ յուշեր պահող արուեստագէտը չէր կարող ներդաշնակօրէն ձուլուել սոցռէալիզմի իտէալներին, որոնք այնքան հեռու էին նաեւ աշխարհում զարգացող մշակութային կեանքից: Բազմաթիւ եկեղեցիների վերականգնումը եւ ազգային մշակոյթի մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը զօրեղացրել էր Հ. Համբարձումեանի ցանկութիւնը` ստեղծագործել` նախնիների գեղարուեստական ձեւերին ու սկզբունքներին նոր, ժամանակակից հնչողութիւն հաղորդելով: Պարզութիւն, կոթողայինութիւն եւ նիւթի հետ ներդաշնակ փոխազդեցութիւն: Տուֆէ երկու ձիարձաններին էլ խորթ չեն այս յատկութիւնները:
Քանդակագործին յաջողուել է լակոնական, երկրաչափական ձեւերով հասնել առաւելագոյնս յուզական հնչողութեան: Կարօտի թեման նա մարմնաւորել է ամենաբարի կենդանու` ձիու կերպարում: Յաճախ նիւթը հէնց ինքն է յուշում ստեղծագործութեան ձեւը: Փայտի մշակումը քիչ ֆիզիքական ուժ է պահանջում` դրանով իսկ հնարաւորութիւն ընձեռելով կտրուկ եւ բարդ արտայայտչաձեւեր մշակելու: Ճեղքուող, բազմացող գլուխներ յիշեցնող փայտէ երկու ստեղծագործութիւնն էլ մարդու ենթագիտակցութեան, ներքին աներեւութական ու անբացատրելի գոյութեան խորհրդապաշտական նիւթականացումն են: Վիճակներ, որոնք մեր ներսում են, մեր կողմից չգիտակցուող, բայց իրականում մեզ կառավարող:
Այս առեղծուածի նիւթականացումը Հենրիկի գործերում ոչ թէ վախեցնում, այլ զարմացնում է, հետաքրքրութիւն առաջացնում այն անբացատրելիի հանդէպ, որն այս դէպքում գեղագիտօրէն առինքնող է: Կառուցողական սկզբունքը առկայ է նաեւ քանդակագործի սակաւաթիւ գեղանկարներում: Հետաքրքիր, համարձակ, հարուստ է գունաշարը, որը մանրանկարներից մինչեւ յետտպաւորապաշտութիւն է հասնում: Ամէն իր եւ առարկայ նկարչին հետաքրքրում է իր սեփական գոյութեամբ` գոյների հարստութեամբ: Գոյնը` որպէս զգայական շեշտ, որպէս երեւոյթի բազմակողմանի ընկալման խորհրդանշան: Ապրելով բարդ ու հակասական ժամանակներում, երբ արժէքներն ու չափանիշներն անկայուն եւ տատանուող Հ. Համբարձումեանին միշտ յաջողւում էր կարեւորել մնայունը եւ չդաւաճանել արուեստում ազնիւ լինելու կանոնին: Երբեք չկեղծել եւ չհաճոյանալ ընդունուած ճաշակին, արտայայտել այն, ինչ ինքն էր ճիշդ համարում:
Հենրիկ Համբարձումեան
(Համառօտ Կենսագրութիւն)
Քանդակագործ, գեղանկարիչ, խեցեգործ Հենրիկ Համբարձումեանը ծնուել է Արագած գիւղում, 1947-ին:
Սովորել է Երեւանի Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանի գեղանկարի, այնուհետեւ Լենինկրատի գեղարուեստի ակադեմիայի քանդակի բաժնում: 1977-ին ընդունուել է Երեւանի Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկի խեցեգործութեան բաժինը:
Աշխատել է լսողական խնդիրներ ունեցող երեխաների դպրոցում: 1982-ից եղել է Հայաստանի Նկարիչների միութեան անդամ: Տարբեր են նկարչի ոճական անդրադարձները` քսաներորդ դարի արդիապաշտ ուղղութիւնների միաձուլում մինչեւ ազգային աւանդական ժառանգութեան ձեւերի նորահունչ կիրառութիւն: Հեղինակել է բազմաթիւ եկեղեցական հարթաքանդակներ` Փարաքարի եկեղեցու մուտքի «Աստուածամայր» հարթաքանդակը, Նորագաւթի եկեղեցու դռները «Ս. Սարգիս» համադրութեամբ, Իջեւանի եկեղեցու շքամուտքի դռները, Երեւանի Ս. Սարգիս եկեղեցու գլխաւոր սրահի ձախ պատի «Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար» փորագրութիւնը եւ այլն:
2002-2010թթ իւրաքանչիւր ամառ բնութեան գրկում կազմակերպել է «Հող, ջուր, կրակ եւ գաղտնիքներ» խորագիրը կրող վրանային խեցեգործական գիտաժողովները` նախատեսուած տարբեր տարիքի ստեղծագործողների համար: Նրա կլոր քանդակի քարէ երկու օրինակ տեղադրուած են Արցախում, մէկ խաչքարային աշխատանք գտնւում է Եկատերինպուրկ քաղաքում: Համահեղինակ է նաեւ Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահի երկրորդ յարկում գտնուող մեծադիր հարթաքանդակին: Նրա աշխատանքները գտնւում են անձնական հաւաքածուներում` Քանատայում, Յունաստանում, Հոլանտայում, Ռուսաստանում եւ այլուր: 2009-ից եղել է Հայաստանի Հանրային խորհրդի մշակոյթի յանձնաժողովի անդամ: Մահացել է Երեւանում, 2017-ին: