ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովը ընդունեց «Հայաստանի 2020-ի պետական պիւտճէ»ի նախագիծը՝ 77 թեր եւ 37 դէմ քուէներով:
Քուէարկութենէն ետք արդիւնքները արձանագրող լուսատախտակը ցոյց տուաւ 69 թեր ձայն, սակայն Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ պիւտճէի նախագիծին թեր քուէարկելու մասին յայտնած են գործուղման մէջ գտնուող պատգամաւորներ Գայեանէ Աբրահամեան, Մարիա Կարապետեան, Ռուբէն Ռուբինեան, Արման Եղոյեան, Աննա Կարապետեան, Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Մխիթար Հայրապետեան, Վլադիմիր Վարդանեան. անոնց ձայները եւս գումարուեցան թեր քուէարկած պատգամաւորներուն ձայներուն:
Հայաստանի Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարեցին, որ դէմ պիտի քուէարկեն պիւտճէի նախագիծին:
5 եւ 6 Դեկտեմբերին, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ կառավարութեան անդամները: