Հայաստանի Ազգային ժողովը 36՝ կողմ, 56՝ դէմ եւ 2 ձեռնպահ ձայներով մերժեց 27 սեպտեմբերէն Հայաստանի մէջ յայտարարուած ռազմական դրութիւնը ջնջելու նախագիծը:
Նախագիծը ներկայացուցած էր խորհրդարանի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը:
Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Անահիտ Աւանեսեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին ըսաւ, որ կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ աստիճանաբար ջնջել ռազմական դրութիւնը: