ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ազգային ժողովի կայքին վրայ հրապարակուած է «Հայաստանի սահամանադրութիւնում փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծը, որուն հիմնաւորման մէջ նշուած է, թէ նախագիծին նպատակն է Սահմանադրական դատարանին շուրջ ստեղ-ծուած ճգնաժամին լուծումը:
Կառավարող «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանի ներկայացուցած օրէնսդրական ծրարը, որմով կ՛առաջարկուի փոփոխութիւններ «ԱԺ կանոնակարգ», «Սահմանադրական դատարանի մասին» եւ «Հանրաքուէի մասին» օրէնքներուն մէջ, պիտի քննարկուի 6 Փետրուարի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին:
«Սահմանադրական դատարանի ներսում եւ դրա շուրջ առկայ ճգնաժամն այս պահին ունի մի քանի ասպեկտ (տեսքեր-Խմբ.), որոնք լրջագոյն մարտահրաւէր են Հայաստանի ժողովրդավարութեան, ինքնիշխանութեան եւ իրաւական որակների համար», կ՛ընդգծէ հեղինակը հիմնաւորման մէջ: Այս ճգնաժամի առաջնային հարցը, ըստ հեղինակին, նախապէս նշանակուած անդամներու եւ 2015-ի փոփոխութիւններով սահմանադրութեան 7-րդ գլուխով ընտրուող դատաւորներու պաշտօններու ակնյայտ բովանդակային տարբերութիւնն է, որուն մասին իրաւական հանրութեան մէջ քննարկումները հետզհետէ աւելի կը սրին:
«Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորը վստահ է, որ «ներկայիս Ազգային ժողովը (…) այսպիսով նպատակ ունի վերջնական եւ հիմնարար լուծում տալ ՍԴի սահմանադրութեան 7-րդ գլխի կանոններով ձեւաւորման խնդրին»։
Վահագն Յովակիմեան «Հանրաքուէի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութեամբ կ՛առաջարկէ մինչեւ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու ընդունումը՝ նախագիծի սահմանադրականութիւնը որոշելու նպատակով Ազգային ժողովին կողմէ Սահմանադրական դատարան դիմելը դարձնել ոչ-պարտադիր։ Իսկ «ԱԺ կանոնակարգ» օրէնքին մէջ փոփոխութեամբ կ՛առաջարկէ ուժը կորսնցուցած նկատել Ազգային ժողովի ընդունած սահմանադրական փոփոխութիւնները Հանրապետութեան նախագահին ուղարկելու մասին դրոյթը եւ Ազգային ժողովի նախագահին վերապահել այդ փոփոխութիւնները հրապարակելու գործառոյթը։
Կը նախատեսուի նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը Սահմանադրական դատարան չուղարկելու պարագային, նախագիծը ընդունիլ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին ձայներու առնուազն երկու երրորդով։