ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Հարկային օրէնսգրքի փոփոխութիւններ»ու փաթեթը 25 Յունիսի իր նիստին։ Նախագիծերու փաթեթին թեր քուէարկեցին 73, դէմ՝ 32 պատգամաւորներ:
Նախքան նիստը Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարեցին, որ դէմ պիտի քուէարկեն օրինագիծին, որովհետեւ եկամտահարկի համահարթեցումով բարձր ու ցած աշխատավարձ ունեցողները նոյնը պիտի վճարեն, ինչպէս նաեւ այն պատճառով, որ իրենց առաջարկած փոփոխութեան առաջարկները նկատի չառնուեցան։
Փաթեթով առաջարկուող հիմնական փոփոխութիւններէն է եկամտային հարկի համահարթեցումը: Եկամտային հարկը կը դառնայ 23 տոկոս, ապա, աստիճանաբար նուազելով, կը հասնի 20 տոկոսի: Նախագիծով կը բարձրացուի նաեւ վարկային կազմակերպութիւններու, գրաւատուներու եւ լումայափոխներու պետական տուրքը: