«Երկիր Մետիա»-ն կը հաղորդէ, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն Երեւանի զանազան փողոցները փակուած են «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի եւ երիտասարդ քաղաքացիներու կողմէ, որոնք 4-րդ օրն ըլլալով կը կազմակերպեն «Ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետացման» խորագիրը կրող երթեր եւ հաւաքներ:
Երէկուան դրութեամբ ոստիկանական ուժեր ներկայ եղած են Երեւանի Բաղրամեան-Պռոշեան հատուածին մէջ, ուր ցուցարարները կանուխ ժամերէն փակած էին Բաղրամեան պողոտայ տանող բոլոր փողոցներուն մուտքերը, ինչպէս նաեւ Մաշտոցի պողոտայ տանող բոլոր մուտքերը: Փակուած են նաեւ Սարեան, Երիտասարդականէն դէպի Աբովեանի պուրակ, Աբովեան-Կորիւն խաչմերուկը, Մոսկովեան եւ Բաղրամեան փողոցներու մէկ հատուածը:
Այդ ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ մտադիր են հասնիլ Ազգային ժողովի շէնք:
Ցուցարարները ներխուժած են Բժշկական յենակէտային քոլեճ եւ կոչ ուղղած ուսանողներուն` միանալու իրենց:
Նշենք, որ 15 ապրիլին Նիկոլ Փաշինեանը կոչ ուղղած էր երկուշաբթի օրը անդամալուծելու երթեւեկը Երեւանի կամուրջներուն, փողոցներուն եւ մեթրոյին մէջ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ խաղաղ, սակայն հասարակական կարգի խմբային խախտումներով ուղեկցուող հաւաքի իրաւունքը բացարձակ չէ եւ կրնայ ենթարկուիլ սահմանափակումներու` իրավիճակէն բխող համաչափ ոստիկանական գործողութիւններով` մինչեւ հաւաքի դադրեցման որոշման ընդունում: Օրուան ընթացքին ոստիկանութիւնը պահանջած է անմիջապէս դադրեցնել հաւաքները, այլապէս ուժ եւ յատուկ միջոցներ պիտի կիրարկէ:
Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են, որոնց պատճառով «Նայիրի» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած են Նիկոլ Փաշինեանն ու 3 ոստիկաններ:
Կարճ ժամանակ անց Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը դուրս եկած է «Նայիրի» բժշկական կեդրոնէն եւ ուղղուած է դէպի Բաղրամեան պողոտայ:
Օրուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ կէսօրէ ետք, ժամը 4:30-ի դրութեամբ Երեւանի բժշկական հաստատութիւններ բժշկական օգնութեան համար դիմած են 46 քաղաքացիներ, որոնցմէ 6-ը ոստիկաններ:
Երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն վերջ գտաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր համակիրներուն հանրահաւաքը, սակայն կազմակերպիչները շարունակեցին գիշերել Ֆրանսայի հրապարակին վրայ` նախապատրաստուելով այսօրուան շարժումներուն: Կը նախատեսուի, որ բազմամարդ ցոյցերով շրջափակուի Ազգային ժողովը վարչապետի ընտրութեան նիստի ընթացքին` արգիլելու համար, որ պատգամաւորները հասնին խորհրդարան: