ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան 11 պատգամաւորներ Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանը եւ Սանասար Գաբրիէլեանը բանտէն գրաւով դուրս հանելու միջնորդութիւն ներկայացուցին:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է խմբակցութեան քարտուղար Վահէ Էնֆիաջեան: Ան հրապարկած է անուններու ցանկը պատգամաւորներու, որոնք ստորագրած են երաշխաւորագիրին տակ:
Երաշխաւորագիրին մէջ նշուած է, որ Սամուէլ Բաբայեան եւ Սանասար Գաբրիէլեան, գտնուելով ազատութեան մէջ՝ կը դրսեւորեն պատշաճ վարքագիծ, չեն խուսափիր իրենց դատավարական պարտականութիւնները պաշաճ կատարելէ՝ քրէական վարոյթ իրականացնող մարմինի կանչին պատասխանելէէ:
Յիշեցնենք, որ 15 Յունիսին Վճռաբեկ դատարանը պիտի քննէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, Արցախի հերոս Սամուէլ Բաբայեանի գործով բողոքը: