Նախագահական պալատին մէջ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ Ազգային հանդիպումը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն:
Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Հասսան Տիապ, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, Խորհրդակցական հանդիպում պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան:
Ազգային հանդիպումին մասնակցելու հրաւէրները մերժեցին հանրապետութեան նախկին նախագահներ զօր. Էմիլ Լահուտ եւ Ամին Ժեմայէլ, նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի, Ֆուատ Սինիորա, Թամմամ Սալամ եւ Նեժիպ Միքաթի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ:
Նախագահ Աուն Ազգային հանդիպումին բացումը կատարեց յայտնելով, որ կան կողմեր, որոնք ժողովուրդին արդար պահանջները կը շահագործեն` վայրագութիւն ու քաոս պատճառելու եւ արտաքին կասկածելի օրակարգեր իրականացնելու համար:
«Այսօրուան հանդիպումը կը կրէ մէկ խորագիր, որն է պաշտպանել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Կը մաղթէի, որ քաղաքական բոլոր ուժերը ներկայ գտնուէին այս հանդիպումին, որովհետեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է, եւ բոլորը պէտք է կամենան ամրապնդել զայն` նկատի ունենալով, որ ասիկա բոլորին պատասխանատուութիւնն է», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը մթնոլորտը մտահոգելու աստիճան շօշափելի դարձած է, եւ համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններ հրահրող շարժումներ ու արտայայտութիւններ արձանագրուած են` հաստատելով, որ պէտք է վերջ տալ ապահովական այս վտանգաւոր սայթաքումներուն:
Ան նշեց, որ Լիբանան այսօր կը դիմագրաւէ ելեւմտական եւ տնտեսական վատագոյն տագնապը` ընդգծելով, որ այդ տագնապը կարելի չէ լուծել, եթէ ոմանք շարունակեն փողոցին մէջ խափանարարական արարքներով ապահովական կայունութիւնը խանգարել, ինչպէս նաեւ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներ նախապատրաստել եւ շահեր ապահովել` ժողովուրդը սովի մատնելով, զայն սարսափեցնելով եւ տնտեսապէս խեղդելով:
«Ազգային այս հանդիպումին նպատակն է ամրապնդել ազգային միասնականութիւնը», հաստատեց ան:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդգծեց տիրող տնտեսական կացութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ տնտեսութիւնը կարելի չէ անջատել քաղաքականութենէն:
Պըրրի վերստին պահանջեց կազմել ելեւմտական շտապի խորհուրդ մը` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած ելեւմտական խնդիրները:
Ան նշեց, որ Լիբանանի օժանդակող երկիրներու միջազգային խմբաւորումը ապրիլ 2018-ին Լիբանանին 11 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն խոստացած էր` բարեկարգումներ գործադրելու փոխարէն: «Սակայն այդ բարեկարգումները չգործադրելու պատճառով այսօր սկսած ենք բանակցիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ, որ իր կարգին մեզմէ կը պահանջէ բարեկարգում կատարել», ըսաւ Պըրրի:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է կեդրոնանայ բարեկարգումները իրագործելու վրայ:
Պըրրի զօրակցութիւն յայտնեց Պասիլի այն առաջարկին, որ Լիբանանը հասնի քաղաքացիական պետութեան` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանի սահմանադրութեան հետ չի հակադրուիր:
Պըրրի զօրակցութիւն յայտնեց նաեւ նախագահ Աունի տեսակէտներուն, որոնք կը վերաբերէին ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան իր պատմութեան ճակատագրական մէկ փուլը կը դիմագրաւէ` շեշտելով, որ իրենցմէ պահանջուած է բոլոր ջանքերը մէկտեղել եւ երկրին շահերն ու պետութեան հասկացողութիւնը աւելի բարձր դասել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին սպառնացող աղէտին վերջ դնել:
Տիապ ընդգծեց, որ լիբանանցիները կը պահանջեն կասեցնել արտակարգ սղաճը, ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել, ելեկտրականութիւն ապահովել եւ փտածութեան ու փտածներուն դէմ քայլերու ձեռնարկել, ինչպէս նաեւ անոնց ճակտի քրտինքով գոյացած գումարները երաշխաւորել:
Վարչապետ Տիապ մաղթեց, որ ազգային այս հանդիպումը ըլլայ սկիզբը` ազգային ընդարձակ գործողութեան մը, որ խորհրդարանական յանձնախումբի մը միջոցով կը շարունակէ հետեւողական աշխատանքը քաղաքական բոլոր ուժերուն, քաղաքացիական ընկերութեան խորհուրդներուն եւ ժողովրդային շարժումին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին սպառնացող այս ծանր ու դժուար ժամանակաշրջանը դիմագրաւել:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ո՛վ որ կը կարծէ, թէ երկխօսութիւնը մերժելով կառավարութիւնը կամ ներկայ իշխանութիւնը կը մերկացնէ, չարաչար կը սխալի, որովհետեւ ան Լիբանանը իր գոյութեան էութենէն կը մերկացնէ եւ ոչ հակառակը: Յատկապէս երբ այդ երկխօսութեան նպատակն է սադրանքները արգիլել, համայնքային գրգռութիւնները կասեցնելու շուրջ համաձայնիլ եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտելու փորձերը սանձել: Հետեւաբար երկխօսութիւնը մերժողը կը փաստէ երկրին փրկութեան ջանքերը արգելակելու իր միտումները»:
Տնտեսական իրավիճակի բարելաւման անդրադառնալով` Պասիլ յայտնեց, որ անոր լուծումը վստահութիւնն է, որ կ՛ապահովուի փտածութեան դէմ պայքարով, իւրացուած գումարները վերադարձնելով եւ տնտեսական անիւը վերստին աշխուժացնելով` աշխատանքի առիթներու ընդմէջէն: Ան հաստատեց նաեւ, որ վստահութիւնը կ՛ամրապնդուի, երբ դրամատուներու մէջ գտնուող լիբանանցիներու գումարներուն գոյութիւնը կ՛երաշխաւորուի:
Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան անմիջապէս սկսելու բարեկարգումներու գործադրութեան` խորհրդարանին հետ գործակցութեամբ:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շեշտեց, որ երկխօսութիւնը միակ լուծումն է` ներլիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւնները հարթելու եւ Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու առումով: Ան մաղթեց, որ ամէն ջանք ի գործ դրուի, որ այս երկխօսութեան իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած կուսակցութիւնները եւս համախմբուին:
Թայմուր Ժոմպլաթ ժողովին ներկայացուց պատկերացում մը, որուն մէջ ներկայացուած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մշակած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի տագնապալի իրավիճակը լուծելու ծրագիր մը:
Ան նշեց, որ ծրագիրին մէջ նշուած է Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալու կարեւորութիւնը, Լիբանանի արաբականութիւնը եւ միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կողմէ երկրին տնտեսական եւ ընկերային հարցերու լուծման վրայ կեդրոնանալու կարեւորութիւնը:
Այդ ծրագիրին մէջ կոչ ուղղուեցաւ նաեւ վերսկսելու երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը մշակելու աշխատանքին:
Նիստէն ետք Ասաատ Հարտան նշեց, որ Լիբանան պէտք է շրջանին մէջ իր դիրքը ամրապնդէ` ճշդելու համար իր ազգային գերագոյն շահերը:
Իր կարգին, զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ ինք հանդիպումին ընթացքին պահանջած է վերադառնալ «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ որդեգրել զայն, որովհետեւ առանց անոր գործադրութեան կարելի չէ փրկել Լիբանանը:
Պաապտայի Ազգային հանդիպումը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին: Հանդիպումէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց նախագահ Աունի խորհրդատու, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, որ յայտնեց, թէ զօր. Միշել Սլէյման վերապահութիւն յայտնած է այդ հաղորդագրութեան առնչութեամբ:
Միացեալ հաղորդագրութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ կէտերէն.
- Ապահովական կայունութիւնը ո՛չ միայն հիմքն է, այլեւ` նախապայմանը քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ելեւմտական կայունութեան: Իսկ սադրանքներուն եւ համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններուն ընդդիմանալը հաւաքական պատասխանատուութիւն է, որուն մաս կը կազմեն ընկերութիւնը բաղկացնող հասարակական ու քաղաքական բոլոր տարրերը:
Հետեւաբար Ազգային հանդիպումին մասնակիցները կոչ կ՛ուղղեն կասեցնելու Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան սպառնացող ամէն տեսակի սադրանք` ընդգծելով, որ այդ սադրանքներուն դէմ դնելը լիբանանեան հաւաքական պատասխանատուութիւն է:
- Խօսքի ազատութիւնը կը մնայ սահմանադրութեամբ ճշդուած սրբութիւն, պայմանով որ այդ ազատութիւնը իրագործուի օրէնքի սահմաններուն մէջ` առանց վերածուելու անարգանքի, վարկաբեկիչ արտայայտութիւններու եւ լուտանքի:
- Լիբանանի սահմանադրական խորհրդարանական վարչակարգին մէջ ժողովրդավարութիւնը առողջ կը դառնայ ընդդիմութեան գոյութեամբ, յատկապէս խորհրդարանական ընդդիմութեամբ եւ ցոյցերու իրաւունքի գործադրութեամբ` ինչպէս նշուած է սահմանադրութեան մէջ:
Սակայն բռնի ուժ գործադրող ընդդիմութիւնը, որ քաղաքացիներուն փոխադրութիւնը կ՛արգիլէ եւ հայրենիքին տարբեր շրջանները իրարմէ կը բաժնէ, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական կալուածները կը քանդէ` ժողովրդավարական ու խաղաղ ընդդիմութիւն չի նկատուիր: Իսկ երբ երկիրը գոյութենական տագնապներ կը դիմագրաւէ, ապա կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը միասնաբար պէտք է գործեն` հայրենիքը փրկելու անոր գոյութեան սպառնացող վտանգներէն:
- Լիբանան կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ առողջապահական բարդ տագնապ մը, որ սակայն լիբանանցիի կամքին պիտի չյաղթէ: Լիբանանցի ժողովուրդը պարտուած դուրս պիտի չգայ այս տագնապէն: Ճիշդ է, որ այդ տագնապը պատերազմէն աւելի վտանգաւոր է, սակայն հսկայական տագնապներու օրերուն բոլորիս քաղաքական գործունէութիւնը կը կատարուի ազգային մակարդակով եւ իշխանական գրաւներն ու հանգամանքները շրջանցելով: Ժողովուրդը ինքն իր եւ իր հայրենիքին թշնամին չի կրնար ըլլալ, եւ մենք բոլորս պարտաւոր ենք ստանձնել այս տարազէն բխած պատասխանատուութիւնները:
- Ազգային այս հանդիպումը պէտք է վերածել հիմքի, որուն վրայ ազգային համախոհութիւն գոյացուի` առանց բարդոյթներու, ընդհակառակն` ազգային շահերէն մեկնելով: Այս բոլորը պէտք է կատարուին, որպէսզի փոխըմբռնումի եւ պատասխանատուութեան ոգիով լուծուին այն տարակարծութիւնները, որոնք կը սերմանեն քաղաքական երկփեղկումը:
Այս ձեւով է, որ կրնանք նոյնացնել մեր տեսակէտները եւ միասնական մօտեցումներ ունենալ նուազագոյնը երկրին գոյացութեան վերաբերող հարցերուն նկատմամբ, որոնք հետեւեալներն են.
Ա) Տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապի ու անոր ունեցած ընկերային հետեւանքներու լուծման գործիքակազմերու ստեղծում` որդեգրելով բարեկարգումի վերջնական ուղեգիծ: Այս ծիրին մէջ կարելի է որդեգրել նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ծրագիրը, պայմանով որ անիկա Լիբանանի շահերուն եւ գերիշխանութեան չհակադրուի: Փտածութեան դէմ իսկական պայքար մղել` երաշխաւորելով դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներուն գումարները:
Բ) Քաղաքական վարչակարգի բարգաւաճում` գործադրելով ազգային սահմանադրութիւնը եւ փոփոխութեան ենթարկելով անոր մէջ առկայ բացերը, ինչպէս նաեւ գործադրելով Ազգային միասնականութեան ուխտի բոլոր կէտերը:
Գ) Լիբանանի պահպանումը իբրեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամրջող երկիր, որ միաժամանակ կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր է` զայն հեռու պահելով շրջանային բոլոր այն հարցերէն, որոնք կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ անոր վրայ եւ քանդիչ ըլլալ լիբանանեան օրինակին, ինչպէս` «Սիզըր» պատժամիջոցներու օրէնքը, սուրիացի տեղահանուածներու հարցն ու պաղեստինցիներու բնակեցումը:
Նշենք, որ նախքան Ազգային հանդիպումը գումարելը, նախագահ Աուն, Պըրրի եւ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:
Դռնփակ հանդիպումէն ետք Պըրրի լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ, որ ինք կը վերահաստատէ Լիբանանի մէջ ելեւմտական արտակարգ վիճակ յայտարարելու կոչը: