Վեհանոյշ Թեքեան
Նորընծայ, Սարը շարժող ուխտաւորներ
անդուռ անցեալներէ ելած,
հում եւ արնաշաղախ խռովքներով
ամրաբազուկ արձակեցին սլաքները կայծակէ։
Ոգեկան որքան ոլորտներէ ետք
աղօտած քաղցրութիւններէն զրկեալ
կեանքի մուտքին իսկ ստեղծուած այս խաւարումին
իրենց արեան հետ յո՜յսը հոսեցուցին։
Երանաբաղձ եւ լուսանցոյց այդ դէմքերը,
մումիացած աչքերով այդ դէմքերը ինկած
իրենց արեան հնոցին վրայ
ուր կը կպէր յուսափշուր սիրտը ցեղին
կը տեսնէին կը տեսնէին կը տեսնէին
աշնան օր մը յանկարծ ծաղկող ծիրանին։
Շապիկները արեան՝ սահմանացիր, բերկրապատար,
բարձի նման կակուղ եւ բարձի պէս կարծր։
Պէտք չունիս բերելու ամոքում աշխարհի սարսափին
երբ մեր սարսափը վերածուած է հեգնանքի,
տրտմութիւնը՝ զայրոյթի,
աղէտը՝ կշիռքի
եւ ցաւը՝ ձայնի։
Կամուրջներ չկան.
Մի՛ խուսափիր իրաւին եւ տխուրին հետ ապրելէ,
աշխարհի երեսին շպրտէ իր քարոզած
մարդկայնութեան շեղջակոյտերը
երբ չի թողուր որ մեր պողպատէ ձեռքերը
մեր մանուկ ուրախութիւնները շոյեն.
Ծնդրադրէ՛ արեան երկրատարած համազգեստներուն քով
եւ սորվեցո՛ւր Աստուծոյ
որ այսպէս է
երբ Սէրը Կեանքէն աւելի մեծ կ՚ըլլայ։
Ոտքի՛ ելիր
մենք շիփշիտակ պիտի նայինք ողբերգութեան աչքին,
անահ ահաբեկման լոյսը հեղելով
մեր հոգիին փակ դժոխքէն.
Արտաւազդի քով բանտարկուած ձիերը թառանչ կը քաշեն,
մեր յուսաբեկման աղջամուղջը փարատի պիտի,
կամարներէն եւ աստիճաններէն ոչինչ կը յայտնուի
դե՛րդ է իր պիտի պաշտպանէ քեզի, պաշտպանէ՛ դերդ։
Զգացական ջրհեղեղներէ դուրս, թեւարձակ
ներքայլումդ դէպի հոգիիդ հեղանուտը
ուր թաղած էինք ամէն բան որ կատարեալ էր,
այսինքն սեւը ուրկէ կրակը անցած էր
անձուկ զարհուրագին կպչուն։
Շողաթոյր երկինքին տակ անշնչացած մատղաշ տղաք,
մեր հոգիին թանգարաններուն մէջ դնենք.
դնենք անոնց սուրբ մատնահետքերը
մեր ամենասուրբ մատեաններուն մէջ,
որպէսզի ոսկիներու եւ իրաւունքի քովնտի սակարանէն
պահ մը դուրս գայ արդարութիւնը
եւ շնչահեղձէ բուն ոճրարարները։
Մատնահետքեր ուր սառած է արիւնը
եւ զօրութի՛ւնը կ՚ապրի.
քսենք զանոնք մարդկայնութեան
կորաքամակ կերպարին եւ փորուած հանուած աչքերուն։
Պահպանել այդ սուրբ ձեռքերը
որոնք թիթեռնիկներ չբռնած՝ ինկան խրամատի մէջ,
անոր մահաբեր ախորժին մէջ
նոր արշալոյսի ոտնաձայններ լսելով։
Ամենազօր պայքար՝ հրեղէն հողի
ու ցրտաշունչ սարի,
անքուն անդունդի
եւ երերուն երկինքի միջեւ
որպէսզի անխախտ Խիղճը, պատմութեան ճիչը
չխաւարի դարձեալ։
Իսկ կաքաւը, կա՜յ կաքաւ դեռ, կարկնչելով
Ետ կը բերէ՞ հին արեւը ծիրանածայր։
Ազգի մը հա՛ցն է արդարութիւնը, եւ ամբողջ ազգս անօթի՜ է։