ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Կրօնական ժողովի լիակատար նիստին յաջորդեց Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի լիակատար նիստը, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին:
Ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին.- Ազգ. Կեդր. Վարչութեան քառամեայ գործունէութեան ծրագրի վերանայում, 2013-ի իրագործուած եւ 2014-ի նախահաշիւ պիւտճէներու քննարկում եւ վաւերացում, կալուածական ու շինարարական ծրագիրներ ու աշխատանքներ, հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքներ, Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի գործունէութիւնը, Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնի գործունէութիւն, եւ այլ հարցեր: Յիշեալ հարցերը լայնօրէն քննարկուեցան ու առնուեցան համապատասխան որոշումներ:
Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստերէն յետոյ տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Խառն Ժողովը օրակարգ ունենալով հետեւեալ հարցերը.- Սուրիոյ հայ համայնքին կատարուած օժանդակութիւն եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան վերականգնումին գծով կատարուած աշխատանքները, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ շարունակուող գործակցութիւնը` Եպիսկոպոսաց Ժողովի լոյսին տակ, թեմերու կանոնագրութեանց բարեփոխութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող այլ խնդիրներ ու ծրագիրներ:
Յիշեալ նիւթերը լուրջ քննարկումի ենթարկուեցան ժողովականներուն կողմէ, Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տրուած լայն տեղեկութիւններու ու կատարուած արժեւորումներու լոյսին տակ: Բնականաբար, յատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ Սուրիոյ մեր համայնքի վերականգնումի աշխատանքներուն:
՛՛Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը հաւատայ գործին, ո՛չ խօսքին: Մեր գործը` ժողովուրդին գացող ծառայութիւն է: Ահա թէ ինչու մեր Սուրբ Աթոռը միշտ հեռու կը մնայ քարոզչական մօտեցումներէ եւ իր ծառայութիւնը չափազանցուած կերպով ներկայացնելու միտումներէ: Հսկայ աշխատանք կը տարուի այս Սուրբ Աթոռին կողմէ` հոգեւոր, կրթական, ընկերային, միջ-եկեղեցական, մշակութային եւ այլ մարզերէն ներս: Մեզի պակսողը նուիրումը, հաւատքը, տեսիլքը չէ, այլ` տնտեսական բաւարար կարելիութիւնները: Սակայն, վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները հաւատալով այս Սուրբ Աթոռի յոյժ կարեւոր առաքելութեան, պիտի շարունակեն ամէն իմաստով նեցուկ կանգնիլ մեզի” եզրակացուց Վեհափառ Հայրապետը Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովի աւարտին: