ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Մի՞թէ այն ազգը չենք, որ իր նորաստեղծ գիրերով
մագաղաթին լանձնեց առաջին նախադասութիւնը՝
«Ճանաչել Զիմաստութիւն եւ Զխրատ, իմանալ
Զբանս Հանճարոյ»…
Աշխարհն է շուռ եկած, թէ մարդկութիւնն է
անյայտացած աշխարհի երեսէն:
Եթէ աշխարհի տիրակալները ստրկացուցին ազգեր
ու ժողովուրդներ, իրենց ծաւալապաշտական
նպատակները իրականացնելու:
Ո՞րն է աւելի վտանգաւոր ու նողկալին,
երբ բռնապետը ոճիր ու սպանդ կը գործադրէ
իր սեփական ժողովուրդին դէմ,
փառքի, ինչքի իր ծարաւը յագեցնելու:
Եթէ թուրքին ցեղապաշտական բնազդը ոչնչացուց
հայ մտքի ու հոգիի սերուցքը:
Հայը գլխատեց իր ազգին պետական
աւագանին, յանուն իր անձնական շահերուն:
Միթէ սահման չո՞ւնի անմարդկայնութիւնը:
Երբ կը վերակենդանացնէք յանցագործները,
որպէսզի շարունակեն իրենց կեղեքումներն
ու չարաշահումները ժողովուրդին դէմ:
Ո՞ւր պիտի հասնի մեր ազգին խաթարուած
բարոյական չափանիշները:
Այն պահն է այսօր գիտակցելու՝
թէ ազգի մը հոգիին ամբողջականութիւնը,
ազգին հոգեւոր միասնութիւնը պահպանելու համար,
ազգային բարոյական արժէքները
զգալու եւ կենսագործելու կարողութիւն պէտք է ունենալ:
Եթէ կ՜ուզենք մարմին տալ մեր երազին…