ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ
Լիբանանի մէջ աւելի քան ամիս մը առաջ` հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն ծայր առած ժողովրդային շարժումը, արդար պոռթկումի մը դրսեւորումը ըլլալով հանդերձ, շուտով սկսաւ տարբեր երանգներ ստանալ, դրսեւորեց տարաբնոյթ գունաւորումներ:
Հրապարակային ցոյցերն ու բողոքի այլօրինակ արտայայտութիւնները եթէ անմիջականօրէն պատճառ դարձան արդէն իսկ կաղացող շուկաներուն, կրթական կեանքի ու յարակից աշխատանքներու գրեթէ լիակատար անդամալուծման, գոնէ` Պէյրութի ու անմիջական շրջակայքին մէջ, անոնք նաեւ պատճառ դարձան տնտեսական-ընկերային համատարած բարդութիւններու, որոնց ամէնէն աղաղակող արտայայտութիւնը եղաւ դրամատուներու եւ ելեւմտական հաստատութեանց դէմ իրողական ձեռնակապերու հաստատումը:
Այս սիւնակով նպատակ չունինք կանգ առնելու Լիբանանը աներեւոյթ շղթաներով փականող ծալքերուն ու անոնց արարիչներուն առջեւ, այլ կ՛ուզենք լուսարձակի տակ բերել այն «կարմիր լոյս»-ը, որ շարժումին պայթումէն կարճ ատեն մը ետք երեւցաւ «Ազդակ»-ի կայքէջին աջ անկիւնը, նաեւ` թերթի էջերուն: Սա կոչ մըն է` աջակցելու թերթին, որպէսզի կարենայ շրջանցել տարապայման վիճակին ստեղծած փոթորիկը եւ հաւատարմօրէն շարունակել իր առաքելութիւնը:
Ի դէպ, այս կոչը կարելի է նկատել Լիբանանի հայկական բոլոր հաստատութեանց` մամուլին, դպրոցին եւ, մէկ խօսքով` մեր ժողովուրդին ծառայող միաւորներուն անունով բարձրացած ահազանգ մը, որովհետեւ տագնապը, ինչպէս ըսինք, համատարած է, անոր միակ զոհը «Ազդակ»-ը չէ:
Պահ մը մասնաւորենք «Ազդակ»-ի պարագան:
Իր ծնունդէն մինչեւ այսօր «Ազդակ» ապրած է բազմաթիւ տաք ու պաղ փուլեր: Պէտք չունինք երթալու մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի, զայն կանխած կամ անոր յաջորդած տարիները, այլ կրնանք բաւականանալ վերջին աւելի քան 40 տարիներու շրջանով, երբ թերթը ենթարկուեցաւ տնտեսական եւ ապահովութեան բազմագոյն (մեծ մասամբ` գորշագոյն) տագնապներու: 1975-ին պայթած «քաղաքացիական պատերազմ»-ին աւելի քան 15 տարիները անկասկած որ ծանրագոյն տարիներն էին, յետոյ եկաւ բարեշրջման եւ համեմատական վերականգնումի փուլը, սակայն ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ, որ Լիբանանը յետպատերազմեան տարիներուն ալ, ու մասնաւորաբար` վերջին աւելի քան տասը տարիներուն, կը գտնուի իրողական պաշարումի եւ չյայտարարուած «պատժամիջոցներու» ճնշումին տակ: Ժողովրդային շարժումը եթէ ունի «ներքին» բազմաշերտ շարժառիթներ, որոնք ահաւասիկ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր ուժգնօրէն կը հնչեն հրապարակներու վրայ, անդին` կարելի չէ աչք փակել այն «ծածուկ» շարժառիթներուն վրայ, որոնց թելերը կ՛երկարին դէպի շրջանային եւ միջազգային ձեռքեր, եւ որոնց մասին շատ չի խօսուիր առհասարակ: Կ՛արժէ միայն նշել, որ ինչպէս անցեալին, այսօրուան շարժումին ետին ալ կը կանգնին այլոց շահերուն լծուած ձեռքեր (Աստուած հոգին լուսաւորէ լիբանանցի քաղաքական ու կրօնական այն առաջնորդներուն, որոնք «քաղաքացիական պատերազմ»-ի բոլոր ծանր օրերուն բարձրաղաղակ կը յայտարարէին, որ երկիրը պէտք է ձերբազատել արտաքին միջամտութիւններու ազդեցութիւններէն, որովհետեւ լիբանանցիք կարողութիւն ունին իրենց հարցերը իրենց միջեւ լուծելու): Իսկ այսօրուան «արտաքին հաշուարկներ»-էն միայն մէկն է այն, որ Լիբանանի միջազգային սահմաններէն ներս գտնուած բնական հարստութիւնները` հանքերը, որո՞նց գրպանները պիտի իւղոտեն` հազիւ թէ բալասան խոստանալով հսկայական պարտքերու տակ կքած Լիբանանի ու անոր ժողովուրդի տնտեսական-ընկերային վէրքերուն:
Այլ գործօններու շարքը երկար է եւ ըստ բաւականին` բացայայտ, սակայն, ինչպէս ըսինք, նպատակ չունինք խորանալու յիշեալ ու յարակից վէրքերուն ու անոնց բազմարմատ պատճառներուն մէջ. այս տողերուն մղում տուողը, կրկնենք, «Ազդակ»-ի բացած «կարմիր լոյս»-ն է: Մեր յիշատակած` անցեալի ծանր փուլերուն, «Ազդակ» երբեւիցէ ինքզինք չէր գտած նման կոչ մը արձակելու հարկադրանքին տակ: Ճիշդ է, որ տագնապի տարիներուն թերթի էջերուն երեւցած էին լուռ կոչեր` ծանուցուած էին «Ազդակի ֆոնտ»-ը, ատեն մը ետք` «Հայ վիրաւորներու ֆոնտ»-ը, աւելի ուշ` «Արցախի ֆոնտ»-ը եւ հայրենիքին ի նպաստ հանգանակային արշաւները, սակայն թերթը ինքզինք չէր գտած սեփական առաքելութիւնը անխափան շարունակելու նպատակով նման կոչի մը արձակման հարկադրանքին տակ:
Լիբանանի եւ այլ երկինքներու տակ «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն ուղղուած մարտահրաւէր մըն է սա, որ չի կարօտիր երկար բացատրութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու: Հարկ չենք նկատեր երկար խօսիլ նաեւ մօտաւորապէս 92 տարեկան թերթին կտրած ճամբուն ու արձանագրած վերելքներուն մասին, որոնք իրագործուած են իրերայաջորդ խիզախումներով, մեծ ու փոքր դժուարութեանց յաղթահարումով: «Ազդակ» այսօր միայն Լիբանանի հայութեան ու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին բանբերը չէ, այլ շահած է աշխարհատարած հայութեան հասնողի վարկ ու տարածք, համահայկական հարցերու արծարծման բեմ է, աւելի՛ ընդարձակ, քան ինչ որ էր համացանցային «դարաշրջան»-էն առաջ:
Կայքէջին վրայ բացուած «կարմիր լոյս»-ը ցուցանիշ է, որ թերթը վառելանիւթի կարիք ունի` ճամբան շարունակելու համար: Ինքնաշարժ վարողը գիտէ, որ ղեկին ետին, իր աչքերուն դիմաց դրուած սլաքներուն կողքին կայ կէտ մը, ուր կարմիր կամ այլ գոյնի լոյս մը կը սկսի պլպլալ, երբ վառելանիւթի ընդունարանը մեծ չափով դատարկ է. կարմիր լոյսը կը հասկցնէ վարորդին, որ պէտք է ընդունարանը լեցնէ, որպէսզի «ճամբան չմնայ»:
«Ազդակ»-ի ընդունարանը այսօր սպասումն ունի բոլորիս կողմէ տրամադրելի վառելանիւթի: Աւստրալիայէն մինչեւ միջինարեւելեան ու եւրոպական երկիրներ, Ռուսիայէն մինչեւ ամերիկաներ (լուսնի կամ Հրատի վրայ տակաւին հայեր չկան…), հայկական օճախներու զաւակները եւ ծանուցողներ կոչուած են ընդառաջելու այս մարտահրաւէրին: Օժանդակութեան շարժումը մանր քայլերով սկիզբ առած է արդէն, թերթին էջերուն կը կարդանք նուիրաբերողներու անուններ: «Ազդակ»-ին կարելի է վառելանիւթ հասցնել մատնոցով, փոքր կամ մեծ թիթեղով, մինչեւ իսկ տակառներով, համաձայն իւրաքանչիւր հայու եւ բարերարի, գործարարի կարողութեան, բարի տրամադրութեան: Հայ մամուլի առաջատար այս անդամին առաքելութեան իւրաքանչիւր հաւատացող, Լիբանանին վիճակուած այսօրուան ծանր կացութեան մէջ, կոչուած է օգնութեան իր կաթիլը կամ տակառը հասցնելու «Ազդակ»-ին, որովհետեւ, գիտենք, թերթն ու մեր ազգային միաւորները իրենց կողքին չունին բնական հարստութիւններ կամ առատ հասոյթ ապահովող ձեռնարկներ, որոնց ապաւինելով` կարենային աչքերը սեւեռել այս տագնապին յաջորդելիք փուլին: «Ազդակ»-ի բնական հանքերն են մօտակայ ու հեռաւոր ընթերցողները, համակիրներն ու բարերար-գործարարները, որոնք վստահաբար ամէն առաւօտ իրենց բնակարաններուն մէջ ձեռք կ՛առնեն թերթին տպագիր օրինակը կամ կը բանան կայքէջը` հաղորդ մնալու համար հայութիւնն ու աշխարհը յուզող իրադարձութեանց:
Փորձառութիւնը յոյս կը ներշնչէ մեզի, որ ինչպէս անցեալի ծանր փուլերը, այս մէկն ալ վերջ պիտի գտնէ ի վերջոյ, «կարմիր լոյս»-ը ընդմիշտ վառած պիտի չմնայ, այլ «Ազդակ»-ի, մամլոյ ու այլ հաստատութեանց երթը պիտի շարունակուի սեփական միջոցներով, ինչպէս որ եղած է տաք ու պաղ փուլերուն:
Այլ ընտրանք բացառուած է: