Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Ազդակ» իր հերթական մարգրիտներով

December 6, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
   Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (15)

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան

(3 դեկտ. 2021)

 

***«[Պլինքըն] յայտնած է, որ չի գիտեր, եթէ Ռուսիա Ուքրանիա ներխուժելու որոշում տուած է» (էջ 10):

—Յայտնի օտարաբանութիւնն է՝ if  կամ  si, որ ահա դա՛րձեալ իր հերթական գլուխը կը ցցէ այս հիւրընկալ էջերուն վրայ, ուր եթէ-ին փոխարէն պէտք է ունենայինք թէ. «Չի գիտեր, թէ Ռուսիա… որոշում տուած է»:

***«Մոսկուա կիրարկած է միջոցներ, որոնք… արագ սկսելու կարելիութիւն պիտի տայ» (անդ):

—Տուողը միջոցներ յոգնակի ենթական է, ուրեմն՝  պիտի տան:

***«Եթէ այդ երկիրը յարձակի Ուքրանիոյ դէմ…» (անդ):

«Եթէ վերսկսի Ուքրանիոյ վրայ  յարձակումներուն…» (անդ):

—Յարձակիլ կամ յարձակում՝ դէ՞մ, թէ՞ վրայ…

Մեր լեզուն կը յարձակի մէկուն կամ բանի մը վրա՛յ:

Անհեթեթ գաղափար է յարձակիլ մէկուն դէմ:

Մէկուն դէմ կարելի է կանգնիլ, մէկուն դէմ կարելի է խօսիլ, հակաճառել, յոխորտալ, մէկուն դէմ կարելի է ելլել, դնել, ըլլալ, ընդառաջ երթալ… սակայն ո՛չ յարձակիլ:

***«Կողմերը սկսած են բանակցութիւններու… առանց էական արդիւնքներու» (անդ):

—Արդիւնք բառը էական ածականով բնորոշելը այնքան ալ ընտիր ոճ մը չէ:

Այստեղ պէտք եղածը շօշափելի ածականն է՝ շօշափելի արդիւնք:

Բաց աստի, առանց նախադրութեան հետ յոգնակի խնդիր գործածել իմաստ չունի. եզակին կը բաւարարէ՝ առանց արդիւնքի: Երբ գոյական  մը անորոշ առումով գործածուի, ան  հաւասարապէս կը նշանակէ մէկ առարկայ եւ մէկէ աւելի առառկաներ:

Օրինակ՝ Ամերիկա ինքնաշարժ կ’արտադրէ (մէ՞կ հատ):

Լիբանան խնձոր կ’արտածէ (մէ՞կ հատ):

Այսօր ծիրան  կերանք (մէ՞կ հատ):

***«Իրանի վրայ յարձակումը տարբերակ է, սակայն պէտք չէ ըլլայ առաջինը» (անդ):

—Այս պարագային ալ տարբերակ-ը յարմար չէ՝ յարձակումը բնորոշելու:

Շարադրողին ըսել ուզածը այլընտրանք բառն է:

«Տարբերակ» կը կոչենք նոյնատեսակ առարկաներէն մէկը: Մինչ «այլընտրանք» կը կոչենք այլատեսակ առառկաներէն մէկը: Եւ իրօք ալ  Իրանի վրայ ռազմական յարձակումը անոր դէմ ծրագրուած այլատեսակ պատժամիջոցներէն մէկն է:

Ծանօթ.− Գնահատելի է, որ այստեղ եւս կիրարկուած է վրայ յետադրութիւնը՝ «Իրանի վրայ յարձակումը»: Մաղթելի է, որ կամաց-կամաց այս էջը շարադրողը  ձերբազատի յարձակիլ բայի եւ յարձակում գոյականի հետ դէմ յետադրութեան  սխալ  գործածութենէն:

***«Թեհրան համաձայնած էր  դադրեցնել իւրանիումի հարստացումը՝ արեւմտեան պատժամիջոցներու  սառեցումին դիմաց» (անդ):

—Դիմաց-ը օտարաբանոււթիւն է՝ contre, against. պէտք  է ըսել փոխարէն:

Ծանօթ.− «Իւրանիում» եզրը թաւագրուած է բնագրին մէջ, ինչպէս այդ կ’ընեն մեր թերթերը օտար բառեր կիրարկելու առթիւ՝ սպասելով անոր հայերէն համարժէքին:  Սակայն  այս եզրը այլեւս համամարդկային հնչեղութիւն ունի, ինչպէս «ալումինիում»-ը,  եւ իմաստ չունի սպասել անոր հայերէն մէկ համարժէքի յայտնութեան: Թող որ ոչ մէկուն մտքէն կ’անցնի նման գիւտ մը ընել:  Փոխարէնը՝ նախընտրելի է, որ «Ազդակ» ջանայ իր էջերը մաքրել այնտեղ հանգիստ արածող  ու պարարտացող ռուսաբանութիւններէն, որոնք այստեղ աւեր կը գործեն  եւ կ’արատածուին  նաեւ ի սփիւռս:

***«Իրան երկու առաջարկ ներկայացուցած է…այժմ բանակցութիւններուն միւս կողմերը պէտք է ծանօթանան  այդ փաստաթուղթերուն» (էջ 1):

—Բանակցութիւններուն-ը ոչ մէկ իմաստ ունի,  թող որ ամբողջ նախադասութիւնը մութ է ու անվերծանելի:

Պէտք է ըլլայ «բանակցող միւս կողմերը», աւելի լաւը՝ «միւս բանակցող կողմերը»:

«այժմ միւս բանակցող կողմերը պէտք է ծանօթանան  այդ փաստաթուղթերուն»:

***«Յոյսով եմ, որ մենք բոլորս, որոնց կարգին նաեւ Ռուսիան, կրնանք  միասին աշխատիլ» (անդ):

—«Մենք բոլորս»  առաջին դէմքի յարաբերեալին կարելի չէ երրորդ դէմքի որոնց  յարաբերական դերանունը  յարադրել. այս երկուքը համատեղելի չեն: Պէտք էր այլ լուծում տալ կառոյցին. օրինակ՝ «Յոյսով եմ, որ մենք բոլորս, եւ մեր կարգին  նաեւ Ռուսիան, կրնանք  միասին աշխատիլ»:

***«Ազրպեյճանի սանձազերծած պատերազմին իբրեւ արդիւնք յառաջացած մարդասիրական հարցերուն…» (անդ):

—Այս «իբրեւ արդիւնք» կոչուած քստմնելի ռուսաբանութիւնը բռնած է կոկորդնէս, եւ թոյլ չի տար որ շնչենք հոս՝ սփիւռքի մէջ, ինչպէս բռնած էր ու է՛  հոն՝ հայրենիքի մէջ  եւս:  Ո՞ւր պիտի հասնի ասոր վերջը,− յայտնի չէ:

***«Այժմ Աֆղանիստան վերածուած է աշխարհաքաղաքական նոր խաղի մը համար պատրաստ երկրի մը` յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ երկրին մէջ ի յայտ եկած է շրջանային իմաստով իր կշիռը պարտադրող նոր երկիր մը` Թուրքիան» (էջ 3):

— Այժմ Աֆղանիստան վերածուած է աշխարհաքաղաքական նոր խաղի մը համար պատրաստ երկրի մը` յատկապէս նկատի ունենալով այն իրողութիւնը,  որ այնտեղ  ի յայտ եկած է շրջանին  մէջ իր կշիռը պարտադրող նոր  դերակատար  մը`Թուրքիան»:

[email protected]

Previous Post

ԱԶԳ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Next Post

Scientist says omicron was a group find

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.