«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, շահեկան զրոյց-լսարան մը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ հայագիտական եւ առնչակից նիւթերով հետաքրքրուող մտաւորականներու, մասնագէտներու եւ գրասէրներու:
Զեկուցաբերներն էին` ամերիկեան Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի հայագիտական հետազօտութեանց կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեան, Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ Հայկազեան համալսարանի զոյգ գրադարաններու տնօրէն Սոնիա Սիսլեան:
«Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր, զրուցավար Վահրամ Էմմիեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` ողջունելով դասախօսներն ու ներկաները եւ ներկայացուց զրոյցի հիմնական նիւթը` «Հայագիտական եւ գրադարանագիտական գիտաժողովներ»-ը: Սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք դասախօսները` Էմմիեան խօսքը փոխանցեց առաջին զեկուցաբերին` Սոնիա Սիսլեանին:
Սիսլեան անդրադարձաւ անցնող հոկտեմբերի սկիզբը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ գիտաժողովին, ուր ան իբրեւ Հայկազեան համալսարանի գրադարաններու տնօրէն, մօտէն հետեւած է Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ կատարուող գիրքերու թէ մամուլի թուայնացման աշխատանքին` մաղթելով, որ նման գիտաժողովներ գումարուին աւելի երկար տեւողութեան վրայ: Սահիկներու (սլայտներու) օժանդակութեամբ Սիսլեան անդրադարձաւ գիտաժողովներու նստաշրջաններուն` տեղեկութիւններ փոխանցելով մասնակիցներու եւ նիստերու մանրամասնութեանց մասին: Ան յայտնեց, որ գիտաժողովին ներկայ եղած է նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ: Նաեւ այս առիթով Անթիլիասի մայրավանքի գրադարանապետ Տիրայր սրբազան Փանոսեան պարգեւատրուած է «Յակոբ Մեղապարտ» շքանշանով: Սոյն գիտաժողովին նաեւ տեղի ունեցած է Հայկազեան համալսարանի մամլոյ հաւաքածոյի ցուցահանդէս, ուր ցուցադրուած է նաեւ լիբանանահայ «Ազդակ» օրաթերթը: Նաեւ ներկայ էր` Զմմառու վանքը: Սիսլեան բարձր գնահատեց Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Զարգարեանի ճիգերը` գիրքերու թէ մամուլի թուայնացման եւ առնչակից ճիգերու գծով: Ան ծանօթացած է այն գործիքներուն, որոնց միջոցով կարելի է տուեալ նիւթ մը արտագրել իբրեւ նկար (image) եւ «Փի. Տի. Էֆ.» օրինակներով: Ան խորապէս դրական տպաւորութեամբ արտայայտուեցաւ հայրենի մասնագէտներու եւ հիւրընկալ մարմիններու ցուցաբերած վերաբերմունքին գծով` երթեւեկի թէ նիւթերու, գրութիւններու մատչելիութեան գծով: «Հայաստանի մէջ 7 հոկտեմբերը գրադարանավարներու տօն է եւ ինծի համար մեծ հարստութիւն է հոն տարուող աշխատանքը», նշեց ան: Սիսլեան յայտնեց, որ այս գիտաժողովը շարունակութիւնն էր 2009-ին եւ 2012-ին գումարուած գիտաժողովներուն: «Վերջին յիսուն տարիներուն մարդիկ աւելի կ՛որդեգրեն գիրքերու թէ մամուլի թուայնացած միջոցառումները», աւելցուց ան` նշելով, որ գիտաժողովը կազմակերպուած էր հայրենի երեք հաստատութիւններու` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Էջմիածինի մայր տաճարի եւ Ազգային գրադարանին կողմէ:
Զրուցավար Էմմիեան խօսքը փոխանցեց դոկտ. Արա Սանճեանին, որ նախ եւ առաջ անդրադարձաւ հայրենի մասնագէտներու եւ առհասարակ հայագիտական մարզին մէջ գիտաշխատողներու «ողորմելի» աշխատավարձին: «Հոս այս գծով նուիրումի երեւոյթ կայ», ընդգծեց դոկտ. Սանճեան` նշելով, որ մասնագէտներու ամսաթոշակը առաւելագոյն պարագային 100-125 տոլար է, իսկ բաժնի վարիչները, առաւելագոյնը` 700 տոլար: Ան անդրադարձաւ գիտաժողովին արծարծուած նիւթերուն, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններու փոխանցման, գիրքերու փոխանակման հարցին, որ ահռելիօրէն սուղ է: Ան խիստ կարեւոր նկատեց թուայնացումի աշխատանքը, որ հակառակ գիրքերու դերակատարութեան նահանջին մասին խօսքերուն, ներկայիս ձեռնտու եւ մատչելի է համացանցի ու յատկապէս բջիջային (արդիական) հեռաձայններու ճամբով: Դոկտ. Սանճեան յայտնեց, որ «տեսողական տարրեր» (օփթիքըլ քարաքթըր) ըսուածը շատ տկար է: Օրինակ, 19-րդ դարուն Պոլսոյ կամ Թիֆլիսի մէջ տպուած հայերէն նիւթ մը համակարգիչի վրայ շարուելէ ետք «Փի. Տի. Էֆ.» օրինակի կը վերածուի:
Սոնիա Սիսլեան միջամտեց յայտնելով, թէ գիտաժողովի մասնակիցներուն տրամադրուած է մամուլի գրացուցակ մը, «զոր կրնամ տրամադրել անոր, որ կը փափաքի ունենալ»:
Դոկտ. Սանճեան շեշտեց արեւելեան Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու` Հոլանտա, Հունգարիա, Ռումանիա, Պիելոռուսիա եւ այլն, դերը հայագիտական ուսումնասիրութեանց գծով, ուր գնահատելի աշխատանք կը կատարուի: Սանճեան նաեւ անդրադարձաւ ամերիկեան թէ եւրոպական հայագիտական կեդրոններու եւ հաստատութեանց դերակատարութեան, ինչպէս` ամերիկեան «Էսոսիէյշըն աֆ Արմինիըն սթատիզ» եւ Եւրոպայի «Լեզ էթիւտ Արմենիէն»-ը:
Իր կարգին, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան յայտնեց, որ այս մարզերու աշխատանքները ունին երկու իրավիճակ: Անոնք կ՛ընթանան «հաստատութենական» եւ «սիրողական» մակարդակներու վրայ: Ան ընդգծեց, որ հայագիտութիւնը քանի մը ուղղութիւններով կը զարգանայ, ինչպէս`
ա.- Պատմագիտական, ուր զգալի ներկայութիւն են ոչ հայեր:
բ.- Ցեղասպանագիտական, որ բաւական զարգացած է, եւ
գ.- Սփիւռքագիտութիւն, որ տակաւին չէ յառաջացած:
Դոկտ. Տագէսեան պատասխանելով զրուցավարի այն հարցումին, որ կ՛առնչուէր երեք սերունդներու միջեւ հաղորդակցութեան միջոցներուն, յայտնեց, որ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր նախընթաց մըն է, որ գիրքերը այսքան լայն սահմաններու վրայ եւ մատչելիութիւն չեն ունեցած: Տագէսեան անհրաժեշտ նկատեց յատկապէս հայագիտական նիւթերը` եւ թուայնացումը` կրկնութենէ խուսափելու համար: «Միջին Արեւելքը ընդհանրապէս հայագիտական աշխարհէն դուրս է», ընդգծեց դոկտ. Տագէսեան: «Արտասահմանի մէջ հայագիտութեամբ զբաղողներու խումբ մը կայ, որ արդիւնք է խառն ամուսնութիւններու:
Ապա զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: