Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 43-րդ Լսարան. «Մենք` Իբրեւ Պետութիւն Եւ Ազգ Հայկական Լեռնաշխարհի Հոգեւոր Սեփականատէրը Պէտք Է Նկատենք Մենք Մեզ Եւ Աշխատինք Այդ Գաղափարը Փոխանցել Յառաջիկայ Սերունդներուն», Դոկտ. Ռոպերթ Ղազարեան

January 29, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
«Ազդակ»-ի 43-րդ Լսարան. «Մենք` Իբրեւ Պետութիւն Եւ Ազգ Հայկական Լեռնաշխարհի Հոգեւոր Սեփականատէրը Պէտք Է Նկատենք Մենք Մեզ Եւ Աշխատինք Այդ Գաղափարը Փոխանցել Յառաջիկայ Սերունդներուն», Դոկտ. Ռոպերթ Ղազարեան

«Ազդակ»-ի 43-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 յունուար 2022-ին, դասախօսն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Ռոպերթ Ղազարեան, նիւթ` «Հայոց պետականութիւնը` անցեալ, ներկայ եւ ապագայ»:  Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը ներկայացուց պետականութեան եւ նոյնիսկ պետութեան բացակայութեան պետականակիր համակարգի հոլովոյթը` մեր թուականներէն առաջ հազարամեակները բաժնելով տարբեր փուլերու, կանգ առնելով միասնական պետութեան ձեւաւորման գաղափարին վրայ:

Նշելով իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնները` դոկտ. Ղազարեան լուսարձակներ կեդրոնացուց արաբական խալիֆայութեան շրջանի պետական համակարգին վրայ եւ զայն համեմատեց հիմնականօրէն բիւզանդական շրջանին հետ` ընդգծելով առաջինի պարագային պետականակիր բաղադրիչներու առաւել պահպանման երեւոյթը:

Վերլուծման ենթակայ էր Բագրատունեաց շրջանը, ուր կայ պատմագիտական տարբեր կարծիքներ թագաւորութեան, իմա` պետական համակարգի հիմնադրութեան թուականին շուրջ:

Ինչ կը վերաբրի Կիլիկիոյ շրջանին` իբրեւ հայրենիքէն դուրս հայկական պետականութեան հիմնադրավայր, դասախօսը յատուկ կերպով ընդգծեց Մլեհ իշխանին դէպի Արեւելք արեւելումը, որուն կայացման պարագային այլ ճակատագիր կ՛ունենար մեր պետականութւնը:

Հայ-թրքական հակամարտութեան գծով դոկտ. Ղազարեան օսմանեան եւ քեմալական վարչակարգերու ցեղասպանական միեւնոյն քաղաքականութեան պատմական փաստերու յիշատակումը կատարեց: Հաստատեց, որ անհրաժեշտ է աւելի ճանչնալ թշնամի պետութիւնները` ընդգծելով, որ թէ՛ Թուրքիոյ, եւ թէ Ազրպէյճանի պարագային կարելի չէ տարանջատել պետութիւնը հասարակութենէն` ցեղասպանական արարքներու մեղադրանքները միայն պետութիւններուն վերագրելով:

Այժմէական խնդիրներուն անդրադառնալով` դոկտ. Ղազարեան շեշտեց, որ Արցախը այն պատուարն է, որուն կորուստի պարագային թշնամին կը հասնի Երեւան: Տարածաշրջանային մակարդակով ան նկատել տուաւ, որ Մերձաւոր Արեւելքը` իբրեւ քաղաքակրթական բնօրրան, հիմնովին փոխուեցաւ քոչուոր տարրի ներխուժումէն ետք:

«Մենք` իբրեւ պետութիւն եւ ազգ, հայկական լեռնաշխարհի հոգեւոր սեփականատէրը պէտք է նկատենք մենք մեզ եւ աշխատինք այդ մեծ գաղափարը փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն, որքան ալ քաղաքական պայմանները դժուար տեսանելի դարձնեն նման հնարաւորութիւն մը», եզրափակեց դասախօսը:

Այնուհետեւ ծաւալեցաւ քննարկում հայ-թրքական խնդրին, ազգային պահանջատիրութեան հասարակական այսօրուան ենթահողին եւ արցախեան քառօրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակին մասին: Դասախօսութեան տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի լսարանի յատուկ եութուպեան էջին վրայ:

Previous Post

Թուրքիոյ Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդը Քննեց Թուրքիա-Հայաստան Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Քայլերը

Next Post

Երեւանի Մէջ՝ Արցախեան 44օրեայ Պատերազմի Նահատակներու Յիշատակին Համերգ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.