Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը յայտնեց թէ 5 նոյեմբերի գիշերէն մինչեւ 6-ի այգալոյսը ծանր պահեր ապրած են Արցախի քաղաքացիները:
«Թուրքազերիական ուժերը ամբողջ գիշերը կրակի տակ պահեցին Շուշի եւ Ստեփանակերտ քաղաքները։ Ռմբակոծումներուն հետեւանքով Շուշիի մէջ հրդեհուած են քանի մը բնակարաններ, իսկ մայրաքաղաքին մէջ կան աւերածութիւններ։ Դէպքերու վայրերուն մէջ կ՝աշխատին արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան փրկարար ջոկատները։ Քաղաքացիական բնակչութեան մէջ՝ նախնական տուեալներով՝ կայ 3 զոհ։ Միւս տուեալները կը ճշդուին».նշեց արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնը: