Երէկ` չորեքշաբթի, 10 մարտ 2021-ին, լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան, որ արցախեան պատերազմի օրերուն յայտնուած էր ազրպէյճանական գերութեան մէջ, Միջազգային կարմիր խաչին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ջանքերուն եւ հետապնդումներուն շնորհիւ, արդէն հասած է Պէյրութ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Մարալ Նաճարեանի հետ եւ շնորհաւորեց անոր ազատութիւնը ազրպէյճանական գերութենէն: Բագրատունի նաեւ հեռաձայնեց արտաքին գործոց նախարար Շարպել Ուեհպէին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` Նաճարեանի ազատ արձակման համար լիբանանեան պետութեան ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ «Ակնունի» եւ «Շուշի» կոմիտէներուն ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Մարալ Նաճարեանին եւ շնորհաւորեցին անոր ազատութիւնը: