Համեմատաբար հանդարտ գիշերէ մը ետք, այսօր առաւօտեան Ազրպէյճանը նոր յարձակողականի սկսաւ Արցախի հարաւային ճակատի ուղղութեամբ:
Ստեփանակերտը եւս հրթիռային հարուածներու տակ է: Խաղաղ բնակչութիւնը կարելիութիւն չունի լսելու տագնապի ազդանշանը՝ հրթիռներու մեծ խտութեան պատճառով:
Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Շուշան Ստեփանեան ըսաւ.« Հակառակորդը վերսկսել է յարձակողական գործողութիւնները արցախեան ճակատի հարաւային ուղղութեամբ: Ընթանում են ծանր մարտեր: Պաշտպանութեան բանակի միաւորները արժանի հակահարուած կը հասցնեն թշնամիի ուժերուն»:
Իսկ Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան անհիմն եւ իրականութենէ զուրկ նկատեց Հայաստանի տարածութիւններէն Ազրպէյճանի վրայ հարուածներու մասին տեղեկութիւնները .« հարուածներու լուրը կեղծ է, Ազրպէճանը բողոքի հող կը պատրաստէ».յայտնեց Յովհաննիսեան: