Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ Արեւելեան Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապը ապահովելու նպատակով հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ 3 անցակէտերու բացման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշման նախագիծը քանի մը ամիսէ ի վեր պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ է:
Ան նշած էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը սպասէ Ազրպէյճանի դրական արձագանգին:
Ասոր ի պատասխան Պաքուն յայտարարած է, որ Հայաստան պէտք է դադրի պատճառաբանութիւններ փնտռելէ` խուսափելու «Զանգեզուրի միջանցքը» ճամբաներու/երթուղիներու հետ կապելու պարտաւորութենէն` համաձայն 9 նոյեմբերի 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան:
«Անիրատեսական տարբերակ առաջարկելը` նոյն ատեն անտեսելով 20-ամսեայ քննարկումները, լաւագոյն քաղաքականութիւնը չէ», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
18 օգոստոսին իրաւական հռչակագիրներու նախագիծերու միասնական կայքին վրայ` հայաստանեան «Ի-տրաֆթ» կայքին վրայ քննարկման ներկայացուած է հայ-ազրպէյճանական ինքնաշարժային երեք անցակէտեր ստեղծելու նախագիծ:
Եթէ կառավարութիւնը հաւանութիւն տայ, անցակէտերը պիտի տեղադրուին Գեղարքունիքի մարզի Սոթք համայնքէն դէպի պետական սահմանի «Էմ.11» մայրուղի, ինչպէս նախագիծին մէջ նշուած է` «ազրպէյճանական կողմէն դէպի Քելբաջար (Քարվաճառ), Արարատի մարզի Երասխ համայնքին մէջ` դէպի Սադարակ, Սիւնիքի Քարահունջ համայնքէն շուրջ 7,5 քիլոմեթր հարաւ` «Էմ.2» մայրուղիին վրայ, դէպի Ղուբաթլու (Սանասար)»: