Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր յղած է Ռուսիոյ` Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան զինաւաններու զօրանոցային-բնակարանային համալիր ապահովման կազմակերպման մրցումի յայտարարութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եզրը օգտագործելուն համար:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւան նշած է. «Այս հարցով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական խողովակներով անյապաղ բողոք յղած է ռուսական կողմին: Նշուած է, որ նման ապատեղեկատուութիւնը չի համապատասխաներ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ոգիին: Ռուսական կողմը ընդգծած է, որ ատիկա թեքնիք սխալ եղած է, եւ համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկուին` զայն ջնջելու համար: Ինչպէս նաեւ, ապագային նման հարցերուն ուշադիր պիտի վերաբերին»: