Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Ընդգրկումը Բանթուրքիզմի Գործադրման Մէջ Անցեալին Եւ Ներկայիս

December 28, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ցարական Ռուսիոյ Եւ Հայոց Եկեղեցւոյ Ինչքերու Գրաւման Տագնապին Արծարծումը Եգիպտական Մամուլին Մէջ

Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ  207

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իրանեան Տեսանկիւնէ-թիւ 3

Հայրենի արեւելագէտ՝ պարսկագէտ Էմմա Բեգիջանեան իր հեղինակած «Իրանական Տեսակէտները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» (խմբագիր ՀՀ ԳԱԱ-ի թղթակից անդամ դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, լոյս տեսած հեղինակային հրատարակութեամբ Էտիթ Պրինթ տպարանէն, Երեւան, 2011, 163 էջ միջին չափի) խորագրեալ գիրքին 45-էն 47-րդ էջերը յատկացուցած է՝ Ալի Ռեզա Տիւանպէկիի «Եւս Մէկ Յուշ» վերնագրեալ յօդուածին, որ լոյս տեսած է իրանցի դիւանագէտ Էսմայիլ Ռայինի 1972-ին հրատարակուած  «Հայերի Ցեղասպանութիւնը» աշխատութեան մէջ (էջ 117-121), որուն նիւթը Օսմանեան զօրքերու Անդրկովկասի մէջ Ազրպէյճան պետութեան ստեղծումն ու Հայասպանութիւնն է: Էսմայիլ Ռային Ալի Ռիզա Տիւանպէկին կը ներկայացնէ իբրեւ ազնիւ, հայրենասէր դիւանագէտ, որ իրացնի խումբ մը ազատատենչ մտաւորականներու հետ արտագաղթած է Օսմանեան Պետութիւն եւ կեցութիւն հաստատած է Պաղտատի մէջ: Տիւանպէկին խոր ուսումնասիրութիւն կատարած է Բանթուրքիզմի եւ անոր արմատներուն մասին ու քաջատեղեակ եղած է Օսմանեան Պետութեան կացութեան:

Նախ քան Տիւանպէկիի արծարծած նիւթին անդրադառնալը, պատմական ակնարկ մը նետենք Օսմանեան Պետութեան եւ ապա՝ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ձգտումներուն եւ Բանթուրքիզմի հետապնդման դէպքերուն վրայ:

Կայսերապշատական գաղափարները համակած էին Երիտթուրք ղեկավարներու միտքերը: 19-րդ դարու վերջաւորութեան աֆղանիստանցի ղեկավար մը՝ Ճեմալէտտին անունով, սուլթան Ապտիւլ Համիտի հետ զրոյցի մը ընթացքին անոր յուշած է Օսմանեան Պետութիւնը ղեկավարել Բանիսլամական օրէնսդրութեամբ (Շրիաթ)՝ կարենալ դէմ դնելու համար Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ, կ’ըսէ Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր («Հայաստանը 1915-ին, Թէ Ինչ Է Թաքցրել Կայսերական Կառավարութիւնը Գերմանահպատակներից, Հին Մշակոյթ Ունեցող Ժողովրդի Կոտորածը Թուրքերի Կողմից» խորագրեալ գիրքէն, լոյս տեսած Պերլին 1930-ին, որ գերմաներենէ հայերէնի թարգմանած է Յունան Ղուկասեան, Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատ., 2000, 112 էջ): Աւելի ուշ, Երիտթուրքերը իրենց ծաւալապաշտական ծրագիրներու իբրեւ լծակ եւ միջոց օգտագործեցին այս միտքը եւ ձեւափոխեցին Բանթուրքիզմի գաղափարով: Օսմանեան Պետութեան մէջ զգալի թիւ կազմող հայ ժողովուրդը ինքնաբերաբար արգելք էր Բանթուրքիզմի գործադրութեան ճամբուն վրայ, կ’ըսէ Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր եւ կ’աւելցնէ. «Երիտթուրքերը ուզում էին ստեղծել ազգային պետութիւն, որն անողոքաբար կը մերժի մէն մի զիջում փոքրամասնութիւններին» (էջ 48): Երիտթուրքերը 1914-ին սկսան վճռական միջոցներ կիրարկել այն ամէն բանի դէմ, ինչ որ թրքական չէր: Այս ուղղութեամբ, հայերը անպաշտպան ըլլալով, Երիտթուրքերու վայրագ ոճիրներու առաջին եւ կարեւոր թիրախը դարձան: Անշուշտ թուրքերը այս գործին մէջ առանձին չէին, այլ Գերմանիա անոնց կողքին էր: Ասոր մասին Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր կը հաստատէ. «Գերմանիան պատերազմում թուրքերի նկատմամբ լաւ էր տրամադրուած՝ պահելու համար այն վարագոյրը, որի հետեւում կոտորուեցին աւելի քան մէկ միլիոն անմեղ տղամարդիկ, կանայք ու երեխաներ» (էջ 49):

Ազրպէյճան անունով երկիր մը ստեղծելու ետին Թուրքիան կը կանգնի 1918-ին: Ազրպէյճանի ստեղծումն ու անուանումը 1918-ին յստակօրէն բանթուրքական նպատակ կը հետապնդէր, յետագային այդ արհեստածին պետութիւնը Իրանի հիւսիսը գտնուող նոյնանուն նահանգին հետ միաւորելով դէպի Միջին Ասիա ճամբան հարթելու համար: Իրանը այս վտանգը նախազգալով այն ատեն այդ անուանման դէմ Օսմանեան Պետութեան բողոք ներկայացուցած է Կ. Պոլսոյ իր դեսպանատան միջոցով:

Այսօր կացութիւնը գրեթէ նոյնն է թուրքին համար՝ պատեհութիւններու նկատմամբ: Ինչպէս վերը կը նկատենք, Ռուսիա եւ Անգլիա այն ատեն դէմ էին Բանթուրքիզմի ծրագրին գործադրման եւ այդ ուղղութեամբ կը պայքարէին: Սակայն այսօր երբ Բանթուքրքիզմի ծրագիրը կրկին կը յառնէ եւ Էրտողան այդ հրէշային ծրագիրը գործադրութեան մէջ դնելու կը ջանայ,   Անգլիա ոչ միայն դէմ չէ անոր այլ այդ ծրագրի վերականգնումին եւ գործադրութեան ետին կը կանգնի իրեն դաշնակից Իսրայէլի եւ Ա. Մ. Ն.-ի հետ: Այս երեքը կը կազմեն անկլօ-սիոնական առանցքը, որ իրեն գործիք ընտրած է Թուրքիան եւ Էրտողանը անշուշտ Իսրայէլի եւ Ա.Մ.Ն.-ի օժանդակութեամբ: Վերոյիշեալ պետութիւնները պատասխանատու են հայոց վերջին ողբերգութեան, որ տեղի ունեցաւ Արցախի երկրորդ պատերազմով:

Փաստօրէն եօթէ աւելի պետութիւններ, որոնք անկլօ-սիոնական մութ ոյժին իբրեւ գործիք կը ծառայեն, իրենց ուղղակի մասնակցութիւնը բերին Արցախի երկրորդ պատերազմին, որոնցմէ կը յիշենք Թուրքիա, Ազրպէյճան, Փաքիստան, Քաթար եւ Ուքրանիա: Այս եւ այլ պատերազմներու պատրաստութեան համար անկլօ-սիոնական առանցքը ռազմական գործիքներու, զինատեսակներու եւ մանաւանդ անօդաչու թռչող սարքերու շինութեան ու մատակարարման գործը Ա.Մ.Ն.-ի եւ Իսրայէլի վստահած է, որոնք ոչ միայն պատրաստ զինուորական սարքեր կը վաճառեն իրենց աշխոյժ գործակալին՝ Էրտողանի Թուրքիոյ, այլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ անոնց պատրաստութեան համար մեծապէս կ’օժանդակեն: Աւելին՝ Իսրայել Արցախի երկրորդ պատերազմէն առաջ արդէն ռազմական խարիսխներ հիմնած էր Ազրպէյճանի մէջ հակադրուելու համար Իրանի եւ այլ պետութիւններու:

Անգլիա հետամուտ է Ազրպէյճանի ոսկիի եւ այլ հանքերէն ու քարիւղէն օգտուելու, Իսրայէլ՝ Իրանը հարուածելու գետին ունենալու: Այս ծրագրին առաջին ահաբեկչական գործողութիւնը արդէն Արցախի պատերազմը վերջ գտնելէն կարճ ժամանակ ետք տեղի ունեցաւ: Արդարեւ Ազրպէյճանի մէջ իսրայէլեան ռազմական խարիսխէն ելած անօդաչու թռչող սարքերու եւ գործակալ ոճրագործ ձեռքերու օժանդակութեամբ Իրանի մէջ յաջող մահափորձ մը կատարուեցաւ, որուն զոհ գնաց իրանցի յայտնի գիտնական, կորիզային ծրագրի գլխաւոր պատասխանատու՝ Մոհսէն Ֆախրի Ալի Զատէն:

Անգլիական հակահայ եւ հակառուսական կեցուածքները կը տեսնենք նաեւ պատմութեան մէջ: Արդարեւ, Մեծն Բրիտանիա պարտուած Թուրքիոյ հետ ձեռք ձեռքի Ազրպէյճան անունով երկիր մը ստեղծեց Հայաստանի արեւելքը: Այս մասին դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» վերնագրեալ իր հեղինակած գիրքին (Armenia 1915, Austro-Hungarian Diplomatic Reports Prove the Genocide, «Բաւիղ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011, 322 էջ) էջ 293-ի մէջ հետեւեալը կը գրէ.  «Երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմը վերջ գտաւ, բրիտանացիները Ազրպէյճան մտան. Զօրավար Թոմսըն Պաքուի մէջ թրքական Մուսավաթ կուսակցութեան խոստացաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի նահանգները Ազրպէյճանի տալ»: Ոչ միայն այսքան, այլ՝ անգլիական ոյժերու առաջնորդութեամբ Անդրանիկի ջոկատը զինաթափուեցաւ եւ անգլիացիներու հաշտ աչքերուն առջեւ, ազերիները Շուշիի եւ շրջակայքի հայոց կոտորածները կատարեցին, կ’աւելցնէ դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան: Ահա այս է մօտիկ անցեալի պատմական դրսեւորումը անգլիական ոճրագործ քաղաքականութեան՝ հայոց դէմ:

Թուրքիա՝ իր Բանթուրքիզմի ծրագիրը դէպի Միջին Ասիա յառաջ քշելու, սակայն ան հաւանաբար ձեռնունայն վերադառնայ այս «առաքելութիւն»էն: Թուրքիոյ սակայն, առաջնակարգ յանձնառութիւն մը տրուած է Իսրայէլի կողմէ՝ Իրանի դէմ պատերազմ մը շղթայազերծելու, սահմանային ոտնձգութիւններ ընելու սկսելով, Իրանի ոյժերը մաշեցնելու նպատակով: Թուրքիա իր այս դերը կատարելու համար արդէն հիւսիսային Սուրիայէն իսլամ ահաբեկիչներ տեղակայեց Լեռնային Ղարաբաղի հարաւը: Յստակ է թէ այս ահաբեկիչները Իրանի վրայ պիտի յարձակին թրքական եւ ազերիական ոյժերու կողքին: Թուրքիոյ դերը նոյնը եղած էր Սուրիոյ եւ Լիպիայի մէջ: Թէեւ Ռուսիա ռազմավարականօրէն առանձին չէ, այլ անոր հետ նոյն բեւեռին մէջ են Իրանը, Հնդկաստանն ու Չինաստանը, սակայն Ռուսիա Արցախի երկրորդ պատերազմին մէջ առանձին դէմ դրաւ անկլօ-սիոնական սատանայեական բեւեռին, որուն գործադրողները եղան Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու Իսրայէլը:

Վերադառնալով անցեալին՝ Ալի Ռեզա Տիւանպէկիի արծարծած նիւթերուն,  ան կը գրէ. «Այդ ժամանակ [1908-1919,- Յ. Ի.] Թուրքիայի իշխանութիւնը կենտրոնացած էր ծայրայեղական երիտթուրքերի կուսակցութեան ձեռքում՝ Թալաաթ եւ Էնվեր փաշաների ղեկավարութեամբ… Երիտթուրքերը բարեփոխումներ կատարելու նպատակով Գերմանիայի կայսրութիւնից շարունակաբար ֆինանսական եւ տեխնիքական աջակցութիւն էին ստանում, ի հետեւանս որի՝ գերմանացի խորհրդականների ազդեցութիւնը խիստ մեծացաւ: Օսմանեան Պետութիւնը հարկադրուած եղաւ պատերազմի մէջ ներքաշուել՝ յօգուտ Գերմանիայի, ընդդէմ Անգլիայի եւ Ռուսաստանի» (էջ 45-46):

Եթէ երբեք 1915-ին թուրքին ետին կեցողն ու զայն շարժողը Գերմանիան էր, այսօր անոր դերը ստանձնած է անկլօ-սիոնական բեւեռը, որ կազմուած է Անգլիոյ, Իսրայէլի եւ Ա.Մ.Ն.-ի վերնախաւերէն, իբր գործիք ունենալով Էրտողանի Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Քաթարը, Փաքիստանը, Ուքրանիան, հիւսիսային Սուրիոյ վարձկան ահաբեկիչները եւ քանի մը այլ գործակալ երկիրներներ:

Էմմա Բեգիջանեան իրանցի հեղինակի միտքերը ներկայացնելով կ’ըսէ. «Տիւանպէկին կը շեշտէ, որ երիտթուրքերի ծրագրերի գլխաւոր դրութիւններն են ա) Օսմանեան լայնածաւալ Կայսրութիւնը պաշտպանել եւրոպական գաղութարար պետութիւնների սադրանքներից: բ) Կենաքի կոչել բանթուրիստական գաղափարը, այն է՝ թուրքական մշակոյթը տարածել թրքալեզու երկրներում եւ ի վերջոյ դրանք կցել Օսմանեան Կայսրութեանը»: գ) Օսմանեան Խալիֆի ազդեցութեան տարածումն իսլամական երկրներում  «իսլամական միասնութիւն» անուան ներքոյ, ինչի շնորհիւ Օսմանեան Կայսրութեան հզօրութիւնը կը հասնէր իր բարձրակէտին» (էջ 46): Թալաաթն ու Էնվերը մեծ յոյս կապած էին Գերմանիոյ աջակցութեան, իրենց բանթուրքական ծրագիրները յաջողցնելու համար: Անոնք հմայուած էին այն իրականութենէն թէ Գերմանիոյ փառամոլ կայսրը Վիլհելմ Բ. Ինքզինք հռչակած էր աշխարհի մահմետականներու պաշտպան: Ահա թէ ինչո՞ւ այսօր անկլօ-սիոնական ոյժերը հետամուտ են զօրացնել Ազրպէյճանը այլ խաղաղասէր ժողովուրդներու եւ երկիրներու հաշւոյն:

Պարսկագէտ եւ ուսումնասիրող Էմմա Բեգիջանեան կ’ըսէ. «Տիւանպէկի այնուհետեւ անդրադառնում է Պաքու կատարած իր ճամբորդութեանը եւ տեղի օսմանցի պաշտօնեաների հետ հանդիպմանը: Նա նկարագրում է հայերի անողոք, վայրենաբարոյ ջարդերը, օսմանցիների դաժանութիւնների արդարացման համար ներկայացուած պատրուակները» (էջ 46):

Եթէ երբեք թուրք-գերմանական հիմնական ծրագիրը՝ բանթուքիզմի գործնական կողմը մինչեւ հիմա չիրականացաւ, այդ մէկը կը վերագրուի անոր նկատմամբ ռուսական ընդդիմութեան զօրաւոր պատնէշ մը հանդիսանալուն, Խորհրդային Միութեան տարիներուն եւ անկէ ետք: Այժմ այդ նոյն ծրագիրը՝ Բանթուքիզմը գործադրութեան մէջ դնելու համար անկլօ-սիոնիստները իրենց ճիգը կը թափեն օգտագործելով գործակալներ Էրտողանը եւ Ալիեւը, Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ սպաննելով տասնեակ հազարաւոր արաբ եւ հայ անմեղներ եւ իրենց տուներէն տեղահան ընելով նոյնքան խաղաղ բնակիչներ:

Previous Post

Վերադառնանք Մեր Վտանգուած Մշակոյթին

Next Post

Համազգային ներդրումն ի սպաս Արցախի վերածաղկման. մանրամասներ «2021-ը Արցախի տարի» հռչակելու ծրագրից

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.