Ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:
2000-էն ի վեր ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը վարող Ալեն Պիֆանի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան որդեգրած մօտեցումը ճիշդ արժեւորում է եւ անիկա համախոհութեամբ վաւերացուած է ու արժանացած ելեւմտական հաստատութիւններու ողջոյնին, «որովհետեւ կը դրսեւորէ հարցերուն մօտենալու Լիբանանի լրջութիւնը», ըսաւ ան:
Պիֆանի աւելցուց նաեւ, որ այդ ծրագիրը անհրաժեշտ նկատած է նաեւ իւրացուած գումարներու վերադարձը, ինչպէս նաեւ ելեւմտական վարչակարգի ամբողջական բարեկարգումը:
«Ըստ երեւոյթին, սակայն, այդ վարչակարգը տարբեր միջոցներ որդեգրած է` հարուածելու համար կառավարութեան ծրագիրը, եւ մեզի կը ներկայացնէ իբրեւ փտածներ: Այս աժան ամբաստանութիւններուն մասին դատական իշխանութիւնները պիտի ըլլան վերջին խօսքը ըսողները», շեշտեց Պիֆանի:
Ան նշեց, որ երկրին գործադիր իշխանութիւնը իր պատրաստած տնտեսական ծրագիրին բովանդակութիւնը չէ բացատրած` ընդգծելով, որ այդ ծրագիրին բովանդակած «հերքաթին» մասին տարաձայնութիւնները անհիմն են ու անճիշդ:
«Ուրացումի իրավիճակը, դիմացինը դաւաճանութեամբ ամբաստանելու արշաւները, ինչպէս նաեւ այդ ծրագիրը չգործադրելը` հարուածած են ամբողջ ուղեգիծը, իսկ այսօր հասած ենք քննարկելու այն հարցերը, որոնք կը գոհացնեն ելեւմտական վարչակարգէն օգտուողները: Իրականութիւն մը, որ Լիբանանի կարողութիւնը կը ջլատէ` միջազգային կողմերուն հետ բանակցութիւնները շարունակելու առումով», հաստատեց ան:
Ալեն Պիֆանի ընդգծեց ժողովուրդի ձայնին անսալու եւ անոր հետ անկեղծ վարուելու կարեւորութիւնը: «Այս անգամ առիթը իսկական էր եւ յստակ էր, որ առանց ամբողջական ու շօշափելի բարեկարգումի «ձրի» ֆինանսաւորում կարելի պիտի չըլլայ ապահովել: Հոս պէտք է անդրադառնալ նաեւ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը հաստատած էր, որ կառավարութեան թիւերն ու մօտեցումը ճշգրիտ են», յայտնեց ան:
Պիֆանի յայտնեց, որ լիբանանեան դրամատուներէն դուրս ելած գումարը 1703 միլիառ տոլար է` աւելցնելով, որ զուտ վնասը 61 միլիառ տոլար է, իսկ արտաքին աշխարհէն պահանջուած գումարը` 10 միլիառ տոլար: «Անցեալին արձանագրուած բոլոր շահերուն չեն փափաքիր դպչիլ, այլ կ՛ուզեն, որ ժողովուրդը իր քսակէն վճարէ այդ վնասները` դուրսը ապահովուած շահերէն մաս մը դրամատուներուն վերադարձնելու փոխարէն», շեշտեց ան:
Պիֆանի ընդգծեց, որ լիբանանցիները «հերքաթ»-ի կ՛ենթարկուին, որովհետեւ կառավարութեան ծրագիրը չի գործադրուիր, այսինքն` հակառակը ճիշդ չէ: «Ժողովուրդին գումարներուն պատասխանատու են դրամատուները, իսկ հաշիւ ունեցողներուն հարցը չէ, թէ դրամատունը ի՛նչ ըրած է այդ գումարներով», ըսաւ ան:
Ալեն Պիֆանի հաստատեց, որ ինք կը նախընտրէ հրաժարիլ, որովհետեւ չի փափաքիր մեղսակցիլ կամ վկայել փլուզումը: «Այսօր համբերելը ոչ մէկ արդիւնք կրնայ ապահովել: Այսօր բոլորէն կը պահանջուի յստակ կեցուածք ունենալ: Ես անձամբ կեցուածքս ճշդեցի, երբ բան մը փրկելու համար բոլոր ջանքերս սպառեցան», շեշտեց ան:
Պիֆանի շեշտեց, որ ինք իր պատասխանատուութիւնները կը կրէ, բայց եւ այնպէս երկար ատեն փոփոխութեան սպասելէ ետք, մութ ուժերը դարձեալ միասնական դարձած են` կատարուած ամբողջ աշխատանքը վիժեցնելու նպատակով:
Երեկոյեան Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Ալեն Պիֆանիի տեղեկութիւնները իրականութեան հետ կը հակադրուին:
Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ կեդրոնացնելու բոլոր ճիգերը, որոնցմով կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու միջոցները ուսումնասիրել: