Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներու նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ անցեալ տարուան 9 նոյեմբերին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ վերջ դրուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:
«Յետհակամարտային ժամանակաշրջանը, ընդհանուր առմամբ, հանգիստ կ՛անցնի: Յետհակամարտային կ՛ըսեմ, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը անցեալին մնացած է: Ազրպէյճան վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը, կատարած է ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որ կը պահանջէր հայկական ուժերու անյապաղ հեռացումը Ազրպէյճանի տարածքէն: Ազրպէյճան Հայաստանի հետ տագնապը լուծած է ռազմաքաղաքական եղանակով», ըսաւ Ալիեւ:
Ալիեւ շեշտած է, որ համաձայնագիրի կնքումէն ետք հայկական ուժերը դուրս եկած են Ակնայի, Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի շրջաններէն, իսկ մինչ այդ «ազրպէյճանական զինեալ ուժերը մարտի դաշտին մէջ աւելի քան 300 գիւղ եւ քաղաք ազատագրած են»:
«Պատերազմէն ետք, Ազրպէյճանի աւելի քան 150 քաղաքացի զոհուած կամ վիրաւորուած է ականներու պայթումներու պատճառով», ըսաւ Ազրպէյճանի նախագահը` աւելցնելով, որ Հայաստանը «կը մերժէ տրամադրել ականապատուած տարածքներու բոլոր քարտէսները»: Անոր համաձայն, մինչեւ հիմա տրամադրուած քարտէսներու ճշգրտութիւնը 25 առ հարիւր է:
«Անցեալ տարուան ընթացքին` այն բանէն ետք, երբ Ազրպէյճանը վերականգնեց վերահսկողութիւնը Իրանի հետ պետական սահմանի 130 քիլոմեթրնոց ճամբու հատուածին վրայ, կանգնեցուցած է թմրեցուցիչի շրջանառութիւնը Իրանէն Ճեպրայիլի (Ջրական) շրջանէն դէպի Հայաստան եւ Եւրոպա», աւելցուց Ալիեւ` Հայաստանն ու Իրանը մեղադրելով դէպի Եւրոպա թմրեցուցիչներ տեղափոխելու յանցանքով:
Ան աւելցուց, որ Ազրպէյճան Հայաստանին վերադարձուցած է պատերազմի ժամանակ բոլոր գերեվարուածները: Ալիեւ նիստի ընթացքին անցեալ տարուան նոյեմբերի վերջին գերի ինկած աւելի քան 60 շիրակցի զինուորականները ներկայացուցած է իբրեւ ներթափանցողներ:
Ազրպէյճանի ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնած է սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին սկսելու` տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի սկզբունքով:
«Պատրաստ ենք նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղ համաձայնագիրի մասին բանակցութիւններու սկսելու: Ազրպէյճանը` իբրեւ յաղթող երկիր, պատրաստ է յարաբերութիւններու կարգաւորման, եւ յոյսով ենք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը չի փախցներ այս պատմական կարելիութիւնները», եզրափակեց Ալիեւ: