ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եթէ հայկական կողմը շարունակէ բարձրացնել Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, այդ մէկը կրնայ յանգեցնել նոր առճակատման, 16 Յունիսին յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահը՝ պնդելով, որ կարգավիճակի մասին չխօսելու բանաւոր պայմանաւորուածութիւն կայ, եւ Հայաստանի կառավարութեան կոչ ուղղեց՝ հրաժարիլ Ատրպէյճանին ուղղուած որեւէ տարածքային պահանջէ:
Իլհամ Ալիեւ վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կատարեց «Համաշխարհային համակարգին սպառնացող վտանգները» թեմայով Պաքուի 9րդ համաշխարհային համախմբումի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ՝ վտանգաւոր եւ ապակառուցողական նկատելով Արցախի կարգավիճակին մասին Հայաստանէն հնչող յայտարարութիւնները:
Ան դարձեալ պնդեց, որ Ատրպէյճանի կազմին մէջ նման վարչատարածքային միաւոր գոյութիւն չունի։ «Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է գիտակցի ասոր եւ հրաժարի պատմութիւնը խմբագրելու փորձերէն: Պատմութիւնը արդէն գրուած է, եւ այսպէս ըսած բանաւոր համաձայնութիւն գոյացած է, որ ոչ ոք խօսի կարգավիճակի մասին: Դժբախտաբար, այդ մասին կը խօսուի, ինչ որ կրնայ շատ լուրջ արդիւնքներ ունենալ: Եթէ Հայաստան շարունակէ կասկածի տակ առնել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, Ատրպէյճան այլ ելք չ՛ունենար, բացի՝ նոյնը ընելէ», ըսաւ ան:
Յիշատակելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի պրիւքսէլեան յայտարարութիւնը՝ Ալիեւ խօսեցաւ Ղարաբաղի հայերու ապահովութեան եւ իրաւունքներուն մասին՝ հաւաստիացնելով, որ անոնք բոլորովին պաշտպանուած պիտի ըլլան։ «Ատրպէյճան բազմազգ երկիր է, եւ հայ բնակչութիւնը ցեղային մեծագոյն փոքրամասնութիւնը չէ: Այդ պատճառով մեր սահմանադրութիւնը հաւասար իրաւունքներ կ՛ապահովէ բոլոր ազգերուն, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի մէջ ապրող հայերուն համար: Անշուշտ, մենք հոգ կը տանինք անոնց իրաւունքներուն եւ ապահովութեան», յայտնեց Ալիեւ:
Ան դարձեալ յայտարարեց, թէ Զանգեզուրը պատմական ատրպէյճանական տարածք եղած է, զոր խորհրդային իշխանութիւնները 1920ին Հայաստանին փոխանցած են: Ան սպառնաց, որ եթէ Հայաստանը Ղարաբաղի հայերուն համար կարգավիճակ պահանջէ, Ատրպէյճան նոյնը պիտի պահանջէ Արեւմտեան Զանգեզուրի ատրպէյճանցիներուն համար:
Պաշտօնական Երեւանը բազմից յայտարարած է, որ Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներ չունի, եւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն համար առաջարկեց դիտարկել Արցախի վերջնական կարգավիճակի հարցը: Այնուհանդերձ, Մայիսին, Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ վերջին բանակցութիւններէն ետք Եւրոպական խորհուրդի նախագահին հրապարակած յայտարարութեան մէջ կարգավիճակի մասին ոչ մէկ յիշատակում կատարուեցաւ:
16 Յունիսի համախմբումին ընթացքին Ալիեւ դարձեալ յիշատակեց «Զանգեզուրի միջանցքը» եւ պնդեց, որ առանց անոր բացման շատ դժուար պիտի ըլլայ խօսիլ խաղաղութեան մասին: Ըստ անոր՝ Հայաստան ժամանակ կը վատնէ եւ չի կատարեր 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած կէտերը՝ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման եւ Ատրպէյճանի ու Նախիջեւանի միջեւ կապի ապահովման վերաբերեալ:
Ալիեւ նշեց, որ Ատրպէյճան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները՝ ապահովելով Հայաստանի անարգել կապը Ղարաբաղի հետ՝ Լաչինի ճանապարհով։ «Զանգեզուրի միջանցք»ի շուտափոյթ բացումը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ապագայի հիմնարար տարրերէն մէկն է: Եթէ մեզի հասանելիութիւն չտրուի, դժուար պիտի ըլլայ խաղաղութեան մասին խօսիլ, եւ Ատրպէյճանի Հայաստանի հետ բնական համակեցութիւն եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելուն ուղղուած բոլոր ջանքերը, պիտի տապալին», ըսաւ ան:
Պաշտօնական Երեւանը, սակայն, կը շարունակէ պնդել, որ միջանցքը իրեն համար կարմիր գիծ է, անոր վերաբերող որեւէ պայմանաւորուածութիւն չկայ, եւ խաղաղութեան պայմանագիրը հիմնուած պէտք է ըլլայ միմեանց տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքին վրայ:
Ալիեւ այս անգամ եւս չմոռցաւ նախորդ 30 տարիներուն Արցախի տագնապի լուծումով զբաղած ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը եւ դարձեալ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան լուծած է հակամարտութիւնը եւ այդ կառոյցին կարիքը չկայ այլեւս։ «Ես կ՛ուզեմ արտայայտել մեր դիրքորոշումը՝ Հայաստանի կամ որեւէ այլ երկրի կողմէ Մինսքի խումբին վերաբերեալ որեւէ շահարկում կը բարկացնէ Ատրպէյճանը: Մենք լուծած ենք հակամարտութիւնը, Մինսքի խումբին մշակած Մատրիտեան սկզբունքները իրագործուած են: Հիմա մենք պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, եւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրենք», ըսաւ Ալիեւ:
Ըստ անոր կանխատեսութեան՝ եթէ կողմերը լաւ աշխատին, կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել մէկ տարուան ընթացքին:
Հակառակ ամբողջ խօսքին ընթացքին հնչեցուցած զգուշացումներուն եւ սպառնալիքներուն, Ալիեւ ընդգծեց, որ Երեւան ընդունած է ապագայ պայմանագիրին համար Պաքուի 5 սկզբունքները, եւ այժմ պէտք է յառաջ ընթանալ եւ գործնական քայլեր կատարել: Աւելին, Ալիեւ տեղեկացուց, որ Ատրպէյճան արդէն կազմած է խաղաղութեան պայմանագիրի յանձնաժողովը եւ նոյնը կ՛ակնկալէ Հայաստանէն:
Երեւան նման յանձնաժողովի մը մասին պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարած է: Ալիեւ յանձնաժողովին մասին այլ մանրամասնութիւններ չտուաւ: