Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանէն պահանջեց հրապարակել «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման ժամկէտը՝ սպառնալով, թէ այլապէս «խնդիրներ կրնան ծագիլ»:
Ղուպայի մէջ, գիւղացիներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահը վերջին պատերազմը իբրեւ օրինակ բերելով՝ ըսաւ. «Հայաստան եւ ամբողջ աշխարհը տեսան, որ մեզ ոչ ոք կրցաւ կանգնեցնել։ Իսկ կային ուզողներ, որոնք բաւական զօրաւոր էին, բայց չկրցան։ Ես կը պահանջէի, որ մեզ ներկայացնեն մեր հողերու ազատագրման օրը, այն ատեն միայն կանգ պիտի առնենք։ Նոյնը կ՛ըսեմ հիմա. յայտարարեցէ՛ք, թէ երբ պիտի բացուի Զանգեզուրի միջանցքը եւ խնդիրներ այլեւս չեն ծագիր»:
Նոյն ժամանակ, Ալիեւ ընդգծեց, թէ լաւ կ՛ըլլար, որ այս հարցը լուծուէր բանակցութիւններու եւ փոխըմբռնումի ճանապարհով, բայց նաեւ զգուշացուց, թէ քանի դեռ ուշ չէ, Հայաստան պէտք է ընդունի Ատրպէյճանի պայմանները եւ վերջ տայ ճամբաներու ու հաղորդակցութիւններու հարցի «ոչ-անկեղծ» մօտեցումին:
Ալիեւի այս յայտարարութիւնը կը յաջորդէ ճանապարհներու ապաշրջափակման հարցով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետերու Մոսկուայի մէջ ունեցած բանակցութիւններուն, որոնց աւարտին կողմերը միասնական յայտարարութիւն չկատարեցին: Աւելի կանուխ, Սոչիի մէջ Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններէն ետք Վլատիմիր Փութին յայտնած էր, թէ տրուած են որոշումներ, զորս պէտք էր հրապարակէր նոյն փոխվարչապետներու յանձնախումբը:
Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը յայտարարած էր, որ եռակողմ յանձնախումբը ընդհատուած նիստը յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուի: Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ըսած էր, որ կողմերը չեն յաջողիր համաձայնութիւններու հասնիլ՝ դարձեալ շեշտելով, թէ Հայաստան պատրաստ է ապաշրջափակումին, սակայն միջանցքի մասին խօսք չկայ:
Նշենք նաեւ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը Սթոքհոլմի մէջ՝ ԵԱՀԿի համաժողովի լուսանցքին հրաժարեցաւ հանդիպիլ Հայաստանի իր պաշտօնակիցին հետ, պատճառաբանելով, թէ նախատեսուած հանդիպումէն ժամեր առաջ Հայաստան սադրանք կատարած էր, նկատի ունենալով Հայաստանի խորհրդարանականներուն Ստեփանակերտ այցելութիւնը: