ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլ յաջորդ շաբաթ`6 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները։ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Շարլ Միշէլի բանբերը:
Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը՝ անանուն մնալու պայմանով, «Ազատութեան» փոխանցեց, որ առաջնորդները պիտի գնահատեն այն զարգացումները, որոնք արձանագրուեցան իրենց վերջին հանդիպումէն ետք եւ պիտի քննարկեն հետագայ ուղիները` հասնելու անվտանգ, կայուն ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի` ի շահ տարածաշրջանին մէջ ապրող ժողովուրդներուն:
Մինչ այդ Եւրոպական Միութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ 30 Մարտին Եւրոպական Միութիւնը Պրիւքսէլի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հանդիպումը՝ երկու երկիրներուն միջեւ շարք մը հարցերու լուծումներ գտնելու առնչութեամբ միացեալ ջանքերը զարգացնելու նպատակով։
Յատկապէս քննարկուեցան 6 Ապրիլ 2022ին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ունենալիք հանդիպումի նախապատրաստական աշխատանքները։
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպումը կազմակերպեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։ Հաճիեւ եւ Գրիգորեան նաեւ առանձնազրոյց ունեցան:
Բովանդակային քննարկումներուն մասնակցողները քննարկեցին քաղաքական եւ ապահովութեան իրավիճակը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հարցերու ամբողջ շրջանակը՝ իբրեւ 14 Դեկտեմբեր 2021ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած՝ երկու երկիրներու առաջնորդներու եւ նախագահ Միշէլի հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած փոխըմբռնումներու շարունակութիւն:
Հանդիպումին մասնակցողները պայմանաւորուեցան դարձեալ հանդիպիլ յառաջիկայ շաբաթներուն՝ շարունակելու քննարկումները 14 Դեկտեմբեր 2021ի ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին արծարծուած հարցերուն շուրջ:
Հայաստանի ու Ատրպէյճանի պաշտօնեաները նաեւ պիտի անդրադառնան խաղաղութեան համաձայնագիրի հեռանկարներուն վերաբերող հարցերուն:
Եւրոպական Միութիւնը հաստատեց, որ հաւատարիմ է՝ շարունակելու իր ներգրաւուածութիւնը, Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան համար։