ՓԱՐԻԶ,- Հայաստանի սահմանակից չորս պետութիւններէն երեքին ղեկավարները ներառնուած են «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան կողմէ հրապարակած «Մամլոյ ազատութեան թշնամիներու» ցանկին վրայ։
Կազմակերպութեան հրապարակած ցանկին վրայ տեղ գտած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիի անունները։
«Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ենթակայ դատական համակարգը լրագրողները կը դատապարտէ կեղծ եւ շինծու մեղադրանքներու հիման վրայ, երբեմն ծանր պատիժներ սահմանելով», նշած են զեկոյցի հեղինակները։
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, ըստ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն՝ «կը վերահսկէ երկրին բոլոր առաջատար մամուլի ընկերութիւնները, մասնաւորաբար պատկերասփիւռի ընկերութիւնները»։
2021ի «Մամլոյ ազատութեան թշնամիներու» ցանկին վրայ ընդգրկուած են նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ։
Եւրոպական Միութիւնը ներկայացնող միակ ղեկավարը, որուն անունը զետեղուած է մամուլի թշնամիներու ցանկին վրայ, Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանն է։