Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ալիեւ կը խօսի Ատրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա ձեւաչափի կարելիութեան մասին

March 4, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Ալիեւ կը խօսի Ատրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա ձեւաչափի կարելիութեան մասին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է Ատրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա համագործակցութեան եռակողմանի ձեւաչափ ստեղծելու կարելիութեան մասին:

Ատրպէյճանի նախագահին համաձայն, ռուս-ատրպէյճանական դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրը պատմական փաստաթուղթ է եւ այժմ Պաքուն հետաքրքրուած է ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ եւ ՀԱՊԿի անդամ Ռուսիոյ հետ եռակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեամբ:

Ալիեւ նշած է, որ Ատրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա համագործակցութեան եռակողմանի ձեւաչափը տակաւին ձեւակերպուած չէ եւ արտաքին գործոց նախարարներու կամ նախագահներու մակարդակով հանդիպումներ տակաւին չեն կայացած, սակայն այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կ՛ընթանան:

«Մեզի համար շատ հաճելի է, որ նախագահներ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ կան շատ վստահելի յարաբերութիւններ, անոնք երկուքն ալ այդ մասին հրապարակաւ կը խօսին: Այնպէս որ, կը կարծեմ, հեռու չէ այն օրը, երբ պիտի ձեւակերպենք այդ յարաբերութիւնները: Որովհետեւ Ատրպէյճան կը հանդիսանայ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դաշնակիցը, այստեղ հարց կը ծագի յաջորդ քայլին մասին: Սակայն ատիկա արդէն մեր ընելիքը չէ, մենք մեր կողմէն միշտ աշխատած ենք երկու երկիրներու շահերուն մերձեցման ուղղութեամբ», Մոսկուայի մէջ ռուսական գլխաւոր  լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Նշենք, որ Ատրպէյճան Յունիս 2021ին Թուրքիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին հռչակագիր ստորագրած էր, իսկ այս տարուան Փետրուար 22ին՝ Ռուսիոյ հետ:

Previous Post

Հայաստանի երկու ներկայացուցիչ ունի աշխարհի ճատրակի առաջին հարիւր վարպետներուն մէջ

Next Post

Մանրապատումներ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.