«Հայրենական պատերազմի տարիներուն ազրպէյճանցի երիտասարդները շատ աշխուժ էին ընկերային ցանցերու վրայ, եւ ընդհանուր առմամբ, կրնամ ըսել, որ մենք յաղթեցինք նաեւ տեղեկատուական պատերազմին մէջ»: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին ազրպէյճանցի երիտասարդութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Անոր համաձայն, տեղեկատուական պատերազմին մէջ «յաղթանակը ապահովուած» է, թէ՛ աւանդական տեղեկատուական ներուժներու, թէ՛ ալ ընկերային ցանցերու միջոցով: «Մենք անգամ մը եւս ականատես եղանք երիտասադրութեան մեծ հայրենասիրութեան եւ հայրենիքի նկատմամբ սիրոյն: Նշեմ նաեւ, որ այս գործին միացած են ո՛չ միայն Ազրպէյճանցի քաղաքացիները, այլեւ ամբողջ աշխարհի ազրպէյճանցիները, ինքնակամ, սեփական նախաձեռնութեամբ: Անոնց ոչ ոք հրահանգ տուած է, անոնք իրենք դարձած են տեղեկատուական դաշտի ռազմիկներ եւ աշխարհին հաղորդած ազրպէյճանական իրողութիւնները», ըսած է ան:
Ալիեւ նաեւ նշած է, որ տեղեկատուական պատերազմը կը շարունակուի, եւ ատոր աւարտը չ՛երեւիր: