ՊԱՔՈՒ, «Մինվալ».- Ատրպէյճան պիտի շարունակէ ամրապնդել Հայաստանի հետ սահմանին վրայ իր դիրքերը, յայտարարեց նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Երեւան կատարած այցելութեան ընթացքին, սահմանամերձ տարածքները վիճելի կոչեց: Ճիշդը՝ համաձայն չեմ այդ արտայայտութեան հետ, որովհետեւ այդ տարածքները մերը կը նկատենք: Ես կը նկատեմ, որ անոնք Զանգեզուրի տարածքներն են»:
Ան «իմաստուն քայլ» որակեց Միշէլի կողմէ «կարգավիճակ», եւ «Լեռնային Ղարաբաղ» բառերը չօգտագործելը նոյն նախադասութեան մէջ՝ նշելով, որ Հայաստան անկէ պէտք է եզրակացնէ, որ «ո՛չ կարգավիճակ, ո՛չ Լեռնային Ղարաբաղ կայ»: Ալիեւ ըսաւ, որ եթէ հայերուն հաճելի է այդ անուանումը, անոնք կրնան Հայաստանի մէջ այդ անունով շրջան մը հաստատել: