Հոլանտական Ալմելօ հայաշատ քաղաքին մէջ փետրուար 4-ին տեղի ունեցաւ «Ոսկան Երեւանցի» վաւերագրական շարժանկարի ցուցադրութեան առաջնախաղը` հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ, Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի: Շարժանկարը ներկայացուցած է արտադրողը` յայտնի հայ լրագրող եւ հեռուստահաղորդավար Նուէր Մնացականեանը: Ցուցադրութեան աջակցած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (AGBU) Հոլանտայի ներկայացուցչութիւնը: Այն կազմակերպած էին Ալմելոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Հ.Մ.Հ.Մ. Ալմելոյի կազմակերպութիւնը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ «Նիտերլանտական օրագիր»-ը, ցուցադրութեան ներկայ եղած եւ խօսք ըսած են Հոլանտայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, Ալմելոյի քաղաքապետ Արժեն Խէրիտսեն: Վերջինս յատկապէս նշեց այն փաստը, որ հայերէն Աստուածաշունչը առաջին անգամ տպագրուած է Հոլանտայի մէջ:
Շարժանկարը հայ մշակութային գործիչ, տպագրիչ, լեզուաբան Ոսկան Երեւանցիի (նաեւ` Ոսկան Ջուղայեցի) մասին էր: Ան 1666թ. մարտ 11-ին իր աշակերտներուն հետ Ամսթերտամի մէջ սկսած է հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութիւնը: Աստուածաշունչի հայերէն առաջին ամբողջական հրատարակութիւնը տեւած է երկու տարիէն աւելի:
Ամսթերտամի մէջ հայերեն Աստուածաշունչը լոյս տեսած է 5000 օրինակ տպաքանակով:
Հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակը ընդգրկուած է հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի 2016-2017-ի օրացոյցին մէջ:
«Ոսկան Երեւանցի» վաւերագրական շարժանկարը պիտի ցուցադրուի Եւրոպայի հայաշատ համայնքներուն մէջ: