Երուսաղէմէն կը գուժեն թէ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, 30 Յունուարին, մահացած է հազիւ եօթանասուն տարեկան դարձած չորք-մարզպանցի ծնողներէ սերած Ալպէր Աղազարեան։ Հանգուցեալը երկրորդական կրթութիւնը աւարտելէ ետք յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը՝ Քաղաքագիտութեան մէջ ստանալով Մագիստրոսի (MA) տիտղոսը, ապա քանի մը տարի իբրեւ թարգման եւ մեկնաբան աշխատելէ ետք մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ՝ ուսումը կատարեգործած է տեղւոյն Ճորճթաուն համալսարանէն ներս՝ վկայուելով դոկտորայի կոչումով։
Երուսաղէմ վերադարձէն ետք պաշտօնավարած է Պաղեստինի «Ալ քուտս» («Երուսաղէմ») օրաթերթին մէջ իբրեւ խմբագիր։ Երկար տարիներ դասաւանդած է շրջանին մէջ մեծ համբաւ վայելող «Պիրզէյթ» համալսարանէն ներս, իբրեւ համալսարանի Հանրային Յարաբերութեանց (Public Relations) խօսնակ։ Եղած է Պաղեստինեան «Ինթիֆատայի» ջատագով։
Ա. Աղազարեան հայութեան սիրտերը հպարտութեամբ լեցուց, երբ ան մասնակցեցաւ Մատրիտի արաբ-իսրայէլեան միջազգային խորհրդաժողովին, օրին վարչապետ Հանանա Աշրաուիին իբրեւ օգնական։ Ան փնտռուած դասախօս է ՝ փնտռուած բազմաթիւ հռչակուած համալսարաններու կողմէ։
Ալպէրթ Աղազարեան ամուսնացած էր սաղիմահայ Մատլէն Շամմասեանի հետ՝ բախտաւորուելով երեք զաւակներով։ Վերջին տարիներուն ան բնակութիւն հաստատած էր Երուսաղէմի Հայոց Վանքին տարածքէն ներս։
(«Յաջորդիւ մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնանք այս մեծ Հայուն գործունէութեան։)